Վառնա Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Զօրավար Անդրանիկի 150-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Փետրուար 25-ին, պուլկարական Վառնա քաղաքին մէջ Պուլկարիոյ հայերու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ օրհնութեամբ Վառնայի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Բարթուղիմէոս քհն. Յակոբեանի տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած հայ ազգային հերոս Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 150-ամեակին: Այս մասին <Հայերն այսօր>-ին կը յայտնեն Պուլկարահայերու միութենէն:

Երեկոյեան ժամը 17:00-ին մեծ թիւով հայեր հաւաքուած էին Վառնայի ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուր բոլորը միասին մասնակցեցան ամենօրեայ երեկոյեան ժամերգութեան` առաջնորդութեամբ տէր Բարթուղիմէոսի: Ժամերգութեան աւարտէն ետք բոլորը միասին մեքենաներով եւ յատուկ ձեռնարկին համար տրամադրուած հանրակառքով շարժեցան դէպի Վառնայի Գալատա թաղամաս, ուր տեղի պիտի ունենար ձեռնարկը:

Գալատա թաղամասի «Զօր. Անդրանիկ» հրապարակին մէջ եւս մեծ թիւով քաղաքացիներ` թաղապետի գլխաւորութեամբ կը սպասէին եկեղեցիէն եկող հայութեան, ուր տեղադրուած է մեծ հայորդիի արձանը: Թէ հրապարակի ամբողջական կառուցապատումը, եւ թէ արձանի տեղադրումը, որ ի միջ այլոց պատրաստուած է
Հայաստանի մէջ, կատարուած է Պուլկարիոյ հայերու միութեան ջանքերով եւ Երեմ ու Յարութիւն Յովսէփեաններ եղբայրներու նիւթական միջոցներով:

Զօրավար Անդրանիկի արձանի առջեւ Արժանապատիւ Տէր Հայրը հոգեհանգստեան կարգ կատարեց ի յիշատակ Զօրավարին, որմէ ետք իր հովուական խօսքը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Տէր Բարթուղիմէոս իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց ներկայ հայութեան հաւատարիմ մնալու Զօրավար Անդրանիկի պատգամներուն եւ կերտելու մեր մէջ
հայրենասէրի այն կերպարը, որմով ան ապրեցաւ իր կեանքը: «Ուսումնասիրելով զօրավար Անդրանիկի կեանքն ու գործունէութիւնը, մենք կը տեսնենք  շատ կարեւոր ճշմարտութիւն մը, որ մենք մեր պայքարը կրնանք առաջ տանիլ ամէն հնարաւոր միջոցներով: Ուրեմն եկէք ամէն մէկս մեր ունեցած հնարաւորութիւնները ի սպաս դնենք յանուն հայապահպանութեան սուրբ գործին, որուն կարիքը  կայ սփիւռքի մեր համայնքներուն մէջ», իր խօսքին մէջ նշեց Տէր հայրը:

Տէր Բարթուղիմէոսի խօսքէն ետք, Ներսէս Կէտիկեան ընթերցեց Պուլկարիոյ հայերու միութեան ուղերձը Զօրավար Անդրանիկի 150-ամեակին առիթով: Ուղերձին մէջ կը խօսուէր Զօրավար Անդրանիկ հայութեան միաւորող կերպարին մասին, ինչպէս նաեւ այն մասին, որ հայութիւնը մշտապէս կը զգայ անոր հերոս տեսակի կարիքը: «Զօրավար Անդրանիկի մեծութիւնը կը կայանար անով, որ իր խօսքն ու գործը մէկ էին: Այսօր մենք անընդհատ կը զգանք անոր այդ տեսակի կարիքը: Մեզի համա ր օրինակ ունենալով Զօրավարի   կեանքն  ու
գործունէութիւնը, անոր հանրաճանաչ պատգամը, թէ` «Երբ քնանալէ առաջ գլուխդ բարձին դնես, քիչ մը մտածէ ազգիդ մասին», մեր մէջ եւս փորձենք կերտել անոր այդ տեսակը», ըսուած էր ուղերձին մէջ:

Այնուհետեւ «Ինչպէս Արծիւ» երգի ներքոյ ներկաները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Զօրավար Անդրանիկի արձանին: Երգի աւարտէն ետք բոլոր ներկաները միասին շարժեցան դէպի նոյն թաղամասը գտնուող այն տունը, որ Զօրավարը իր իսկ ձեռքերով  կառուցած եւ բնակած է այնտեղ: Ի ուրախութիւն հայ ժողովուրդին, այդ տունը Պուլկարիոյ հայերու միութեան ջանքերով եւ Յովսէփեան եղբայրներու նիւթական միջոցներով, վեց տարուան կատաղի պայքարէն ետք, մօտ մէկ տարի առաջ գնուեցաւ եւ այն փրկուեցաւ քանդուելու վտանգէն, քանի որ քաղաքապետարանը թոյլատրած էր այն քանդել` տեղը բազմաբնակարան շէնք կառուցելու նպատակով: Այլեւս այդ վտանգը գոյութիւն չունի եւ Զօրավար Անդրանիկի տունը կը գտնուի ապահով ձեռքերու մէջ եւ այս տարուան ընթացքին այն վերանորոգման աշխատանքներէն ետք  իր դռները պիտի բանայ, իբրեւ Զօր. Անդրանիկի տուն-թանգարան:

Երթի մասնակիցները Զօրավարի տան առջեւ տեղադրուած յուշատախտակին մօտ ծաղիկներ զետեղեցին, որմէ ետք ներկաներուն ՀՅԴ Վառնայի խումբի անունով խօսք ըսաւ Օհան Օհանեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ որքան կարեւոր է, որ այսօրուան սերունդը դաստիարակուի Զօրավար Անդրանիկի օրինակով:

Ձեռնարկին ներկայ էին «Մլատոսթ» թաղամասի թաղապետ Խրիսթօ Խրիսթովը, Պուլկարիոյ հայերու միութեան նախագահ պ-ն Յարութիւն Յովսէփեան, Վառնայի ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Մասիս Պաղտատեան, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

01

Scroll Up