2000թ. Յունիս 21-ին, Մահացաւ Ամերիկահայ Յայտնի Երաժշտահան Ալէն Յովհաննէսը

2000թ. Յունիս 21-ին, հիւանդութենէ ետք մահացաւ ամերիկահայ երաժշտահան Ալէն Յովհաննէսը (Ալէն ՅարութիւնՉաքմաքչեան):
Ծնած է 1911թ. մարտ 8-ին Պոսթօնի Սոմերուիլ արուարձանին մէջ (Մասաչուսէթս, ԱՄՆ): Հայրը` Յարութիւնը, Ադանայէնէր, Պոսթօն  հաստատուած էր երկարատեւ դեգերումներէ ետք : Մայրը ծագումով սքոթլանտացի էր:
Յովհաննէսի առաջին ստեղծագործութիւնները ծնած են 4 տարեկանին: 14 տարեկանին, չնայած ծնողքի լուրջդիմադրութեան, գրած է առաջին օփերան: Անոր երաժշտութիւնը հասանելի է ունկնդրի համար ու օժտուած էխորհրդաւորութեամբ եւ ինքնահայեցողականութեամբ:
Ան կը  համարուի 20-րդ դարու ամենաբեղուն երաժշտահաններէն մէկը, անոր պաշտօնական ցանկին մէջ ընդգրկուած է 67համարակալուած սիմֆոնիաներ (պահպանուած ձեռագիրներուն մէջ սիմֆոնիաներու թիւը կ’անցնի 70-ը) եւ 434համարակալած գործ:
«Յովհաննէսը երաժշտութիւն գրող մեքենայ է… Ատոնք վերջին 30 տարուան մէջ երաժշտական աւանդոյթներովստեղծուած լաւագոյն գործերէն են ամբողջ աշխարհի մէջ»,- անոր մասին ըսած է Նիւ Եորքի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբիգլխաւոր խմբավար Անտրէ Կոստելեանեցը:
Ամերիկայի մէջ անոր  կ’անուանեն «Երաժշտահան, որ առաջ  կանգնած  է միւսներէն», Ճափոնի եւ Հնդկաստանի մէջ` «որոնող հայ», Անգլիոյ մէջ` «Խաղաղ ամերիկացի»:
Scroll Up