Արի Տուն-2013. «Մենք Իսկապէ´ս Եկած Ենք Տուն ` Հայրենիք»

Հայաստանի մէջ են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի 2013թ. առաջին փուլի «Ծիծեռնակները»` Սփիւռքէն ժամանած հայորդիները, որոնք արդէն հասցուցած են այցելել Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններ, տեսարժան վայրեր: Անոնց տպաւորութիւնները գրի առած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:
Էջմիածին, Մատենադարան, Էրեբունի թանգարան, Գառնի, Գեղարդ… Այս ամէնով զմայլած սփիւռքահայ պատանիներն ու աղջիկները անչափ յուզուած էին եւ կը դժուարանային ամէն ինչ հերթով շարադրել, պատմել. անոնցմէ շատերը պարզապէս հիացական վանկարկումներով, մէկ բառով կ’արտայայտէին իրենց տեսածն ու զգացածը` Հայաստանը շաա˜տ սիրուն է… Դէպի Գառնի եւ Գեղարդավանք տանող ճանապարհով ընթացող հանրակառքին մէջ ցնծութիւն էր, անպատմելի ուրախութիւն. երեխաները կ’երգէին, կը պարէին եւ կը խնդրէին վարորդէն «Քոչարի» եղանակը միացնել… «ուրախ հանրակառքը» ըսես փոքրիկ Հայաստան էր` ողողուած ջերմութեամբ, կարօտով ու լոյսով:
Օսիպով Դաւիթ, 16 տարեկան, Վրաստան, Թիֆլիս
-Շատ ուրախ եմ, որ Հայաստան եկած եմ. այստեղ արեւը կարծես ուրիշ ջերմութիւն ունի, մարդիկ` նոյնպէս: Հայերէն շատ լաւ չեմ գիտեր, կ’ուզէի զգացածս աւելի ճոխ բառերով արտայայտել: Ռուսական դպրոց կը յաճախեմ, անոր համար ալ հայերէնի բառապաշարս աղքատիկ է, ու ես ամօթ կը զգամ: Հայաստան չորրորդ անգամ կ’այցելեմ, այստեղ շատ լաւ ընկերներ ունիմ, միշտ իրենց մօտ կը հիւրընկալուիմ:
Կարաքեան Ֆրիտա, 15 տարեկան, Ապխազիա, Գագրայի շրջան, Ցանտրիփշի
-Առաջին անգամ Հայաստան կու գամ: Հիացած եմ Մատենադարանով, եկեղեցիներով, որոնցմէ ամէնէն շատ Էջմիածինը կը սիրեմ: Այդ ամէնը միայն նկարներու մէջ տեսած եմ եւ միշտ երազած եմ Հայրենիք գալ, այցելել Էջմիածին. իմ երազանքս այսօր իրականութիւն դարձաւ, որու համար երախտապարտ եմ «Արի տուն» ծրագիրի կազմակերպիչներուն:
Կարինա Կասեան,17 տարեկան, Ապխազիա,Ցանտրիփշի
-Շատ կը ցաւիմ,բայց ես հայերէն լաւ չեմ խօսիր, լաւ չեմ հասկնար: Տան մէջ կը խօսինք Համշէնի բարբառով,գրական հայերէնը ինծի համար գրեթէ անհասկնալի է,սակայն մեծ ցանկութիւն ունիմ զայն սորվելու,որովհետեւ մտադիր եմ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ Հայաստանի մէջ: Ճիշդ է, ծննդավայրս այնտեղ է` Ապխազիա,այնտեղ է դպրոցս, այնտեղ են իմ հարազատներս, ընտանիքս, ընկերներս, սակայն կ’երազեմ տեղափոխուիլ եւ բնակութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ. պիտի խնդրեմ ծնողներէս, պիտի համոզեմ, որ Հայաստան գանք:
Էմմանուէլ Յարութիւնեան, 17 տարեկան, Ռուսաստան, քաղաք Ստաւրոպոլ
-Իմ անունս Էմմանուէլ է, անուանս վերջաւորութեան չկայ «ա» տառը: էմմանուէլ կը նշանակէ ` Աստուած քեզ հետ: Բոլորը կը զարմանան եւ կ’ըսեն, որ տղու անուն է, բայց ես համամիտ չեմ: Հիմա խօսիմ Հայաստանիս մասին եւ ըսեմ, որ անչափ կը սիրեմ Հայրենիքս, Երեւանը: Ես յաճախ կու գամ Հայաստան եւ ամէն այցիս կը նկատեմ, որ իմ սիրելի մայրաքաղաքը աւելի գեղեցկացած է: Յաջորդ տարի պիտի տեղափոխուինք Հայրենիք. ես ուսումս պիտի շարունակեմ Երեւանի Հերացիի անուան բժշկական համալսարանը: Լաւ կը խօսիմ հայերէն, որովհետեւ մեր ընտանիքէն ներս սրբօրէն կը պահպանուի մայրենին, իսկ լեզուի արթուն պահապանը մայրս է:
Միլենա Խաչարեան, Ապխազիա, Ցանտրիփշի
-Փոխադրուած եմ 10- րդ դասարան, որոշած եմ արձակուրդիս մէկ մասը անցնել Հայաստան` մասնակցելով «Արի տուն» ծրագիրին: Երկու անգամ եկած եմ Հայաստան: Շատ կը սիրեմ Հայաստանի բնութիւնը, մարդոց, հայկական կերակուրները, խորովածը: Մեր հայերը շատ հիւրասէր են եւ բոլոր ազգերէն կը տարբերին իրենց ջերմութեամբ: Շատ գոհ եմ հիւրընկալողներու ընդունելութենէն:
Սիւզան Աբալեան, 20 տարեկան, Վրաստան, Ծալկայի շրջան, գիւղ Աշխալա
-Աւարտած եմ դպրոցս եւ Թիֆլիսի մէջ անգլերէն կ’ուսանիմ: Պատահաբար լսեցի «Արի տուն» ծրագիրի մասին` որոշեցի անպայման մասնակցիլ, անպայման տուն գալ եւ ճանչնալ Հայրենիքս: Առաջին անգամ Հայաստան կու գամ, հիացած եմ սարերով, լեռներով, աղբիւրներու սառնորակ, քաղցրահամ ջուրով; Կ’ուզեմ դարձեալ Հայրենիք այցելել, ծանօթանալ այստեղ ապրող եւ Սփիւռքէն եկած իմ հասակակիցներուս հետ. հայուհի եմ, բայց երբեք չէի եկած Հայաստան: Հիմա այլեւս երազանք չէ, այլ քաղցր իրականութիւն: Ես մկրտուած չեմ եւ կ’ուզէի Հայաստանի մէջ մկրտուիլ:
Նինա Եզեկեան, Վրաստան, Ծալկայի շրջան, Ղզըրքիլիսա գիւղ
-Ուղղակի սկիզբէն ըսեմ, որ գիւղիս անունը չէ փոխուած, բայց հայերէնով այն կը կոչուի Կարմրավանք. գուցէ օր մը պաշտօնապէս այսպէս անուանակոչուի: Իմ ծննդավայրս շատ գեղեցիկ է, բայց Հայրենիքիս գոյները ուրիշ են: Մեքենայով Հայաստան եկանք. ճանապարհին տարուած, վերացած ամէն ինչէ` զմայլած էի Հայաստանի բնութեամբ , շռայլ գոյներով: Շատ կը յուզուիմ եւ չեմ գիտեր, թէ ինչ բառերով, ինչպէս արտայայտեմ հոգիիս փոթորիկը: Հրաշալի ընտանիքի մօտ հիւրընկալուած եմ. անոնք Բիւրեղաւան կ’ապրին:
Այս մի քանի օրերուն ընթացքին արդէն հարազատներու պէս եղանք:
Յակոբ Հալաջեան, 16 տարեկան, Ապխազիա, Գանդիադի
-Ես առաջին անգամ Հայաստան կու գամ. շատ սիրեցի Հայրենիքս: Շատ սիրեցի Գառնին, բայց Գեղարդավանքը շատ խորհրդաւոր է, շրջապատի ժայռերը կարծես մարդիկ ըլլան, որոնք ուս ուսի տուած կարծես կը պարեն: Շատ կը սիրեմ հայոց պատմութիւնը եւ լաւ կը սորվիմ այդ առարկան: Պատմաբան կը դառնայի, բայց այդ մասնագիտութեամբ ընտանիք պահել չի կարելի, հօրս մահէն ետք մեր տան տղամարդը ես եմ ու պիտի հոգամ մայրիկիս եւ իմ ապագայ ընտանիքիս մասին, ուստի որոշած եմ օդաչու դառնալ, թէեւ մայրիկս կ’երազէր, որ ատամնաբոյժ դառնամ: Կարծեմ` օդաչուն աւելի լաւ կը վաստակէ. թերեւս օր մըն ալ յայտնուիմ Հայաստանի օդանաւային ընկերութեան մէջ: Կ’ուզէի, որ բոլոր հայերը սիրեն Հայրենիքը, մտածեն Հայրենիքի բարօրութեան ու ապագային մասին, հաւաքուին Հայաստանի մէջ, հզօրանան ու աշխարհին ճանաչելի դառնան միայն լաւ գործերով:
Տիանա Վիրաբեան, 14 տարեկան, Վրաստան, Ախալցխայի շրջան, գիւղ Չիչերեկի
-Հայուհի եմ իմ հայեցի դաստիարակութեամբ, հաւատքով, լեզուով, կրթութեամբ, աւանդոյթներով: Ծնողքս ըսին, որ ես այս ծրագիրով անպայման պիտի Հայաստան գամ, որպէսզի տեսնեմ մեր Հայրենիքը. եկայ, տեսայ ու հիացայ: Շատ կ’ուզեմ, որ այս ամէնը նոյնութեամբ պահպանուի եւ հիացնէ մեզմէ վերջ եկող սերունդներուն: Ես ջաւախեցի եմ` հայրենասէր, համարձակ, խօսքի տէր, յամառ ու որոշած եմ միշտ գալ Հայաստան եւ իմ հոգիիս, սրտիս մէջ պահել այս դրախտ երկիրը:
Կարինա Ուստեան, Ապխազիա, Ցանդրիփշի
-Մեր շրջանէն, մեր աւանէն ու մեր դասարանէն շատ երեխաներ եկած են. ամբողջ Ապխազիայէն ` 22 հոգի: Շատերուն նման ես ալ առաջին անգամ եկած եմ Հայաստան: Այցելած ենք Էջմիածին, Էրեբունի, Մատենադարան: Բոլորն ալ շատ հետաքրքիր ու տպաւորիչ են: Մեզի շատ ջերմ ընդունեցին այստեղ. Մենք, իսկապէս, տուն եկած ենք` Հայրենիք:
Էլէն, Աղաւնի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Լոս Անճելըս
-Մենք երկու ընկերուհիներ ենք. ես Աղաւնիէն մի քանի տարիով մեծ եմ, աւարտած եմ դպրոցը, տիզայնի գիծով կ’ուզեմ մասնագիտանալ: Իմ ու Աղաւնիի մայրերն ալ իրար հետ ընկերութիւն կ’ընեն : Բոլորս ալ կ’աշխատինք չմոռնալ մեր մայրենին, պահպանել զայն օտար ափերու վրայ: Լոս Անճելըսը ծննդավայրս է, բայց Հայաստա՛նն է բոլոր հայերու մեծ Հայրենիքը, եւ բոլորը պիտի գան, տեսնեն, ճանչնան իրենց Հայրենիքը:
Աղաւնի- Ես ալ ծնած ու մեծցած եմ Լոս Անճելըսի մէջ, դպրոց կը յաճախեմ: Այս ծրագիրին մասին տեղեկացանք «Նարեկ» վարժարանէն ու որոշեցինք գալ Հայաստան, մասնակցիլ ծրագիրին, ծանօթանալ մեր հասակակիցներուն հետ, որոնք կ’ապրին Հայաստան եւ Սփիւռքի այլ հատուածներու մէջ: Շատ կը հաւնիմ Հայաստանը. Կ’ուզեմ, որ Հայաստանի եւ հայու անունը օտարները յիշեն միայն լաւ գործերով: Վատ կը զգամ, երբ ամերիկացի իմ հասակակիցները երբեմն ոչ դրական ձեւով կ’արտայայտուին հայերու մասին:Մեր ընտանիքէն ներս կը պահպանենք հայկականը, հայոց լեզուն: Կ’ուզէի, որ դուրսը ապրող ոչ մէկ հայորդի չմոռնայ իր Հայրենիքն ու մայրենի լեզուն:
Էլէն-մենք շատ կը սիրենք հայ գրողները, գիտենք անոնց գործերը. ես ու Աղաւնին ամէնէն շատ կը սիրենք Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնները: Հայը ամէն տեղ պէտք է հայ մնայ` լա´ւ հայ, ու բարձր պահէ իր ազգի պատիւը:
Կարինէ Աւագեան