Սուրիոյ Հիւսիսը Ընթացող Մարտերուն՝ Պատմութիւնը Կը Կրկնուի

Սուրիոյ Հիւսիսային Հասաքէ նահանգի մէջ ընթացող մարտերուն պատմութիւնը կը կրկնուի, դարձեալ ասորի եւ հայ քրիստոնեաներու արիւնը խառնուած է իրարու, այս մասին “Հայերն այսօր”-ի տեղեկացմամբ կը գրէ արաբական«Սրյան աշուրիին» ֆեյսպուքեան էջը՝ նշելով, որ մարտի ընթացքին զոհուած են երեք ասորի եւ մէկ հայ մարտնչող երիտասարդներ: Նահատակուած հայ երիտասարդին անունն է Ժոզէֆ Հրանդ Աֆֆի (Արամ) ծածկանունով:

Կը խօսուի 100-200 առեւանգուած քրիստոնեաներու մասին, ընդհանուր սպաննուածներու մասին յստակ թիւ չէ տրուած, բայց տեղի ունեցածը 1915-ի ցեղասպանութիւնը կը յիշեցնէ, կը նշէ կայքը:

Scroll Up