Արեւմտահայերէնը Տանտիրոջ Իրաւունքով Պէտք է Իր Տեղը Ունենայ Հայաստանեան Իրականութեան մէջ. Վիքթոր Կատվալեան
Բոլորիս մտահոգութեան առարկան գրական արեւմտահայերէնի վիճակն է, որ արդէն 100 տարիէ ի վեր զրկուած է միասնական գործառութեան ու զարգացման, հետեւաբար նաեւ` կանոնարկման հնարաւորութիւններէն, բարձրագոյն կրթութեան, գիտութեան լեզուի իր դերէն, դպրոցական համալիր ուսուցման միջոց ըլլալու գործառոյթէն: Մենք բարձր կը գնահատենք սփիւռքահայ եւ հայաստանեան մտաւորականութեան, Սփիւռքի նախարարութեան եւ հայ եկեղեցւոյ ջանքերը` արեւմտահայերէնը պահպանելու, զօրացնելու ուղղութեամբ: Մեր կարծիքով, իբրեւ արդիւնք արեւմտահայերէնը պէտք է իր ամուր յենարանը ունենայ մայր հայրենիքի մէջ: Արեւմտահայերէնը համազգային արժէք է, ան բոլորիս է եւ մեզի համար նոյնքան հարազատ ու սովորական պէտք է ըլլայ, որքան արեւելահայերէնը:
Չմոռնանք նաեւ, որ շատերս արեւմտահայ արմատներ ունինք, իսկ ներկայ Հայաստանի մէջ արեւմտահայ խօսքը կը շարունակէ գործառել Կարնոյ, Մշոյ, Սասնոյ, Դիադինի եւ այլ բարբառներու տեսքով: Հետեւաբար արեւմտահայերէնը տանտիրոջ իրաւունքով պէտք է իր տեղը ունենայ հայաստանեան իրականութեան մէջ, այստեղ պէտք է արմատներ դնէ, ամրապնդուի եւ հայրենիքէն իր կենդանարար աւիւնը մղէ Սփիւռք: Արեւմտահայերէնի պահպանումը եւ զարգացումը ոչ միայն ազգային, այլեւ պետական նշանակութիւն ունեցող առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ ան ոչ միայն ազգապահպան դեր ունի Սփիւռքի, այլ նաեւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը կատարէ լեզուական դեսպանի իւրայատուկ դեր` հնարաւորութիւն ստեղծելով աշխարհի մէջ ճանաչելի դարձնել մեր մշակոյթը, ազգային ինքնատիպութիւնը:
Հայերէնի դրսեւորման բոլոր տարբերակները` արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրական լեզուները, խօսակցական լեզուն եւ բարբառները, միասնական համակարգի անտրոհելի բաղադրիչներ են, եւ այդ դրսեւորումներէն իւրաքանչիւրի խնդիրները ի վերջոյ ընդհանուր հայերէնի, այսինքն` ՀՀ պետական լեզուի խնդիրներն են: Ուշադրութեան կարիք ունին յատկապէս գրական արեւելահայերէնի առջեւ ծառացած այնպիսի խնդիրներ, ինչպիսիք են`
գրական լեզուի անաղարտութեան պահպանումը,
մայրենի լեզուի ուսուցման մակարդակի բարելաւումը,
լեզուի կանոնարկումը եւ զարգացումը:
Այս խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ է իրավիճակի ճիշտ գնահատում եւ անհրաժեշտ գործողութիւններու մշակում:
Գրական լեզուի անաղարտութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը յատկապէս կ’ընդգծուի, երբ կ’աշխուժանան լեզուի աղաւաղման միտումները: Ներկայիս լեզուի աղաւաղումը կ’արտայայտուի լեզուական սխալներու (եւ՛ արտասանական, եւ՛ բառագործածական, եւ՛ քերականական) տարածմամբ, գրական լեզուի մէջ խօսակցական, բարբառային իրողութիւններու, օտար բառերու ու արտայայտութիւններու անհարկի օգտագործմամբ, երբեմն նոյնիսկ գռեհկաբանութիւններու, ժարկոնային արտայայտութիւններու գործածութեամբ:
Մեր օրերուն աղաւաղումներու պատճառներէն մէկն ալ հասարակութեան մէջ լեզուի վերաբերեալ պատկերացումներու խեղումն է, օրէօր տարածուող այն թիւր ըմբռնումը, թէ խօսակցական լեզուն կ’ապահովէ աւելի անմիջական հաղորդակցում, եւ էական չէ, թէ խօսքը ինչ որակ ունի, որովհետեւ կարեւորը մտքի հաղորդումն է եւ հասկանալի ըլլալը: Եթէ նման ըմբռնում կրնայ ընդունելի ըլլալ առօրեայ, կենցաղային հաղորդակցման պարագային, ապա բոլորովին մերժելի է գրական լեզուի գործառութեան ոլորտներու մէջ: Այլ խօսքով` շփոթած են լեզուի տարբեր դրսեւորումներու գործառական ոլորտները, եւ նկատի չի առնուիր այն հանգամանքը, որ հրապարակային խօսքը (գրաւոր թէ բանաւոր) պէտք է ըլլայ համակարգուած, կանոնաւոր ու գեղեցիկ, հանրութեան համար ընկալելի եւ հաճելի: Կանոնաւոր, բարձր եւ անաղարտ գրական լեզուն ճիգ ու ջանք կը պահանջէ, իսկ հասարակութիւնը մեծ մասամբ այդ առումով կա՛մ կը ծուլանայ, կա՛մ ալ լեզուական հարցերով զբաղելու ժամանակ չունի:
Իրավիճակը շտկելու համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է ձեւաւորել լեզուի վերաբերեալ ճիշտ պատկերացումներու համակարգ, եւ այդ ուղղութեամբ ընելիքներ ունին ինչպէս գիտակրթական համակարգը, այնպէս ալ հեռատեսիլն ու զանգուածային լրատւութեան միւս միջոցները, թատրոնը, ֆիլմը եւ բնականաբար պետական կառավարման համակարգի տարբեր օղակներ։ Գրական լեզուն կարիք ունի պետական հոգածութեան, ուղղորդուած պետական ծրագրի եւ քաղաքականութեան, զոր համակարգողը եւ վերահսկողը կրնայ ըլլալ Լեզուի պետական տեսչութիւնը` ունենալով օրէնսդրական հիմքեր եւ անհրաժեշտ լիազօրութիւններ:
Մայրենի լեզուի ուսուցման մակարդակի բարձրացումը կրթական համակարգի մշտական խնդիրն ու շարունակական գործընթացն է: Ներկայիս այս խնդիրը առաւել հրատապ է, որովհետեւ նկատելի է գրական լեզուի չափանիշներու գրեթէ համատարած չիմացութիւն, թէ՛ գրաւոր, թէ՛ բանաւոր անսխալ եւ գեղեցիկ խօսք կառուցելու անկարողութիւն, որ անխտիր կը դրսեւորուի հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս, նոյնիսկ գիտակրթական ոլորտի աշխատանքներուն, գեղարուեստական խօսքի եւ պաշտօնական գրութիւններու մէջ:
Պատճառը թերեւս կրթական համակարգէն ներս մայրենիի ուսուցման ծրագիրներու եւ մեթոտներու անկատարութիւնն է, հարցի ոչ բաւարար եւ պատշաճ արժեւորումը: Մայրենիի ուսուցումը չի կրնար սահմանափակուիլ ո՛չ քերականական կանոնները իւրացնելու պահանջով եւ ո՛չ ալ թեստերու պատասխանները գտնելու ունակութիւններու ձեւաւորմամբ:
Մայրենիի ուսուցման հիմնական նպատակը չի կրնար ըլլալ ուսանողներու որեւէ կարգի (յատկապէս` ընդունելութեան) քննութեան նախապատրաստումը: Միաժամանակ, մայրենիի ուսուցումը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն գրական արեւելահայերէնի դասաւանդմամբ:
Մայրենիի ուսուցման հարցով որակական փոփոխութեան հասնելու համար հարկաւոր է ձեւաւորել դասաւանդման այնպիսի ծրագիրներ եւ եղանակներ, որոնց շնորհիւ ուսանողները լեզուական գիտելիքներու հետ միասին ձեռք կը բերեն անսխալ եւ գեղեցիկ գրական խօսք կառուցելու ունակութիւններ, իրենց մտքերը ճիշտ արտայայտելու եւ ըստ անհրաժեշտութեան լեզուն ճկուն գործադրելու կարողութիւններ: Անհրաժեշտ է, որ մայրենիի ուսուցման նպաստի կրթական ողջ համակարգը: Ուսանողները պէտք է անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ գիտելիքներ ունենան հայերէնի բոլոր դրսեւորումներու (գրաբար, միջին հայերէն, աշխարհաբար, բարբառային հայերէն) վերաբերեալ:
Ընդհանրապէս, իւրաքանչիւր դասընթաց պէտք է հետապնդէ նաեւ գիտութեան տուեալ բնագաւառէն ներս լեզուի ճիշտ գործածման հմտութիւններու ձեւաւորման եւ ամրապնդման նպատակներ: Այս առումով կարեւոր է նաեւ, որ կրթական համակարգի մէջ գործածուող ուսումնական նիւթերը, դասագիրքերը լեզուական առումով անթերի ըլլան: Մեր կարծիքով` որեւէ դասագիրք հրատարակելէն առաջ պէտք է զայն ենթարկել լեզուական փորձաքննութեան:
Լեզուի կանոնարկումը եւ զարգացումը մեծ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ միայն համակարգուած, միասնական եւ հարուստ լեզուն կրնայ լիարժէք եւ յաջողութեամբ բաւարարել անհատի, պետութեան, հասարակութեան եւ ազգի լեզուական պահանջները, ըլլալ մշակութային արժէքներու ստեղծման եւ կուտակման, պետական ու հասարակական գործունէութեան կազմակերպման միջոց: Այս գործընթացը նոյնպէս մշտական է ու շարունակական, քանի որ լեզուի բնականոն զարգացման եւ հասարակութեան մէջ տեղի ունեցած տեղաշարժերու հետեւանքով միշտ կը յառաջանան լեզուական նոր իրողութիւններ, որոնք կարիք ունին գնահատման, արժեւորման եւ համակարգման: Ներկայիս իրենց լուծման կը սպասեն ուղղագրական եւ ուղղախօսական, բառագործածման եւ եզրութաբանական, նաեւ քերականական բնոյթի բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգաւորումը առարկայականօրէն չի կրնար ըլլալ առանձին մասնագէտներու կամ մասնագէտներու խումբերու մենաշնորհը, այդ գործընթացը չի կրնար տեղի ունենալ նաեւ ինքնաբերաբար:
Մեր օրերուն լեզուական չափանիշները սահմանողներու դերի մէջ յայտնուած են համալսարանի ընդունելութեան քննութիւններու շտեմարաններու հեղինակները, որոնց ըմբռնումները յաճախ կը կրեն մասնաւոր բնոյթ: Հրապարակի վրայ են ուսումնական բառարաններ, ուղեցոյցներ, շտեմարաններ, գիտական աշխատանքներ, որոնց հեղինակները լեզուական տարբեր իրողութիւններու վերաբերեալ կը ներկայացնեն իրենց պատկերացումներն ու առաջարկները:
Բազմակարծութիւնը, ինչ խօսք, կը նպաստէ յառաջընթացին, եթէ տեղի կ’ունենան քննարկումներ, կը բերուին փաստարկներ եւ կը կայացուին հանրութեան համար ընդունելի որոշումներ: Եւ հակառակ լեզուի զարգացման եւ համակարգման իրենց նպաստը կրնան բերել ուսումնական առանձին կեդրոններ, ստեղծագործ անհատներ (ինչպէս եղած է մեր պետականութեան բացակայութեան ժամանակներուն), բայց պետականութեան առկայութեան պայմաններու մէջ լեզուի համակարգումը եւ զարգացումը առաւել արդիւնաւէտ կ’ըլլայ պետական համակարգող կեդրոնի առկայութեամբ, որպիսին, մեր պատկերացմամբ, կրնան ըլլալ Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդը:
Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդի մէջ պէտք է ընդգրկուին հայ նշանաւոր լեզուաբաններ, յայտնի մասնագէտներ, որոնք կը ներկայացնեն գիտակրթական ողջ համակարգը, թերեւս նաեւ յայտնի մտաւորականներ եւ գործիչներ (նաեւ` սփիւռքահայ), ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչներ: Խորհուրդին կից կրնան գործել խորհրդակցական խումբեր` ըստ գիտութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներու: Խորհուրդի նպատակ պիտի ըլլալ գրական հայերէնի (նաեւ` արեւմտահայերէնի) կանոնարկման գործընթացի կազմակերպումն ու համակարգումը, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման, հայերէնի զարգացման եւ հարստացման նպաստելը:
Խորհուրդը պէտք է`
ա) մշակէ գրական հայերէնի կանոնարկման սկզբունքները ըստ տարբեր ոլորտներու` ուղղագրութիւն, ուղղախօսութիւն, տառադարձութիւն, եզրութաբանութիւն, քերականութիւն, բառապաշարի հարստացում եւ այլն.
բ) շարունակաբար որոշէ կանոնարկման ենթակայ խնդիրներու շրջանակը եւ նախաձեռնէ պարբերական մասնագիտական քննարկումներ` ըստ անհրաժեշտութեան ներգրաւելով նաեւ այլ ոլորտներու մասնագէտներ.
գ) քննարկէ կանոնարկման հարցերու վերաբերեալ արտայայտուած տեսակէտները, կատարուած առաջարկները, վիճելի հարցերը.
դ) պարբերաբար քննարկէ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի փոխհարստացման, միասնական զարգացման հարցեր.
դ) քննարկումներու արդիւնքով կատարուած եզրայանգումները եւ որոշումները, յանձնարարելի ձեւերը, բառացանկերը իր պարբերականով ներկայացնէ հանրութեան.
է) պարբերաբար բառացանկերու ձեւով հրապարակէ անհարկի փոխառութիւններու, օտարաբանութիւններու հայերէն համարժէքները, այլ նիւթեր.
զ) իր պարբերականի մէջ շարունակաբար հրապարակէ լեզուական սխալներու մեկնաբանութիւններ, պարզաբանումներ եւ այլն:
Մեր կածիքով` Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդը կրնայ ըլլալ ՀՀ կառավարութեան հիմնական խորհրդատուն լեզուական հարցերուն մէջ: Խորհուրդի իրաւասութիւններու շրջանակներէն ներս կրնայ ըլլալ նաեւ այնպիսի խնդիրներու կարգաւորումը, ինչպիսիք են հայերէնի հոլովներու քանակի, ուղղագրական բարեփոխումներու եւ այլ հարցեր:
Կը թուի` Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդը կրնայ ըլլալ ՀՀ կառավարութեան առընթեր գործող կառոյց, ինչպիսին էր ժամանակին “Տերմինաբանական կոմիտ”-էն:
Յարգելի բարեկամներ, մեր լեզուն մեր հայրենիքն է, ուրեմն եկէք որդիական սիրով պահպանենք ու հզօրացնենք լեզուական մեր հայրենիքը, հայ լեզուն տունն է հայուն, ուրեմն եկէք տիրոջ իրաւունքով ու հոգածութեամբ շարունակ նորոգենք ու շէնցնենք մեր ընդհանուր տունը: