ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումէն Ետք. 950 Ասորի Ընտանիքներ Հեռացած Են Հասաքէէն Եւ Գամիշլիէն

Ասորական մարդկային իրաւանց ցանցի տնօրէն Ուսամա Էտուարտ յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումէն եւ տասնեակներով ասորիներ առեւանգելէն ետք, երկուշաբթի օրուընէ ի վեր շուրջ 800 ասորի ընտանիքներ հեռացած են Հասաքէէն, իսկ շուրջ 150 ասորի ընտանիքներ ալ` Գամիշլիէն:

Միւս կողմէ, ըստ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին հասած տեղեկութիւններուն, ասորիներու պատրիարքութիւնը Հասաքէի մէջ 90 ասորիները առեւանգած զինեալներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը կատարէ առեւանգեալներուն ազատ արձակման համար եւ բոլոր կրօնաւորներէն պահանջած է բանակցութիւններուն ընթացքին վնաս չպատճառելու համար ներկայիս այդ առնչութեամբ յայտարարութիւններ չկատարել: Օրաթերթը կը նշէ, որ ոչինչ կը յուշէ առեւանգեալներու մօտալուտ ազատ արձակման մասին:

Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը դատապարտեց Հասաքէի մէջ ասորական գիւղերու դէմ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումը եւ պահանջեց անմիջապէս եւ առանց այլեւայլի ազատ արձակել առեւանգեալները:

aztagdaily.com

Scroll Up