Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացք
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/ամառային-դպրոց.jpg)
Վենետիկի Համալսարանի Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, գործակցութեամբ Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան, տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 3էն 19: Քննութիւնները՝ Օգոստոս 20ին: Ժամանում՝ Օգոստոս 1-2ին, մեկնում՝ Օգոստոս 21-22ին: Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ՚ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրը հինգ պահ առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18։ Դիմումները պէտք է կատարել ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ, նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ թիւ մը եւ ԵԼԳՐԱՅԻՆ (E-mail) հասցէ մը:
Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ յատկապէս այս տարի՝ դասընթացքի երեսնամեակին: ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէսօրէ վերջերը, ԱՆՎՃԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ նաեւ ԴՈՒԴՈՒԿԻ եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ԴԱՍԵՐ: Արձանագրութեան սակն է՝ 700 € կամ համապատասխանը տարարժոյթով ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 500 եւրոյի բաժինը պէտք է վճարուի կանխաւ՝ մինչեւ ՄԱՐՏ 31:
Այդ թուականէն վերջ պէտք է վճարուի 550 եւրօ մինչեւ ՅՈՒՆԻՍ 30, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը ՊԷՏՔ է ՎՃԱՐՈՒԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՕՐԸ: ՎԱՐԿԱԹՂԹԱՅԻՆ վճար (Crédit card) չ՚ընդունուիր: 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնց՝ որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մէկուն (ծնող, քոյր, եղբայր, կողակից):
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱԿԸ ՈՉ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՉԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՐ: Ամէն վճարագիր (չէք), որ պէտք է անպայման ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ եւ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ըլլայ, պէտք է հասցէագրուի միայն ASSOCIAZIONE PADUS-ARAXES եւ ղրկուի Assoc. Padus-Araxes – c/o Dip. Studi Asiatici – San Polo 2035- 30125 Venezia (Italia) Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չէքերը։ Ամէն չէք պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենու բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Անոնք, որոնք կը նախընտրեն դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարել, պիտի ստանան այս մասին հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշուի թիւ, IBAN եւլն.): Դրամատը- նային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին։ Իսկ փոստի միջոցով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային փոխանցագրերու միջոցով, որ է՝ mandat-poste international/international money-order։ Դրամատնային կամ փոստային փոխանցման բոլոր ծախսերը կը պատկանին դիմորդին։
Կ՚ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատան մը մէջ, Վենետիկի պատմական կեդրոնը, օժտուած՝ խոհանոցային յարմարութիւններով: Օգոստոս 1-21 ներառեալ, ամբողջ շրջանին համար, բնակութեան սակն է՝ 820 € առանձին սենեակի մէջ, 610 € երկու հոգինոց սենեակի մէջ, երկու պարագային ալ լոգարանային յարմարութիւններով օժտուած: Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի: Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, համալսարանի սեղանատան կամ պայմանագրուած այլ հաստատութեան մը մօտ, պիտի արժեն 9 €: Անոնք, որոնք կը խորհին նշեալ թուականներէն աւելի առաջ ժամանել կամ յետոյ մեկնիլ, պէտք է իրենք հոգան իրենց բնակութեան յարմարութիւնը այդ օրերուն համար։
Յաւելեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ համար ելգիր մը ուղարկել հետեւեալ հասցէին.- daniela@padus-araxes.com Ի հարկին հեռաձայնել բջիջայնի թիւին +39.347.4562981, Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10.30-13.00, եւ կամ Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ իրիկունները ժամը 20.00-21.30 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ):
Նոր Յառաջ