Լոս Անճելըս Չեղեալ Համարեց 845 Հազար Տոլարի Պայմանագիրը Թուրքիոյ Վարձու Լոպիական Ընկերութեան Հետ

Անցեալ տարուան օգոստոսին իմ գրած խմբագրականիս մէջ նախազգուշացուցած էի, որ ամերիկահայ համայնքը եւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկ պոյքոթի կ’ենթարկեն «Էնհայզըր պուշ», «Պոյինկ», «Շեւրոն», «Էնթըրփրայս ռենթ է քար», «Ճենըրըլ էլեքթրիք», «Կոլտմըն սաքս», «Կուկլ», Լոս Անճելըսի օդակայան, Ֆութպոլի ազգային լիկայ, Օքլընտի նաւահանգիստ եւ «Եունայթըտ էյրլայնս» ընկերութիւններու ապրանքներն ու ծառայութիւնները, եթէ անոնք չեղեալ չհամարեն իրենց պայմանագիրները Թուրքիոյ տխրահռչակ լոպիական վարձու ընկերութիւններէն մէկուն` «Կեփհարթ կրուփ»-ի հետ:

Ճակատագիրի հեգնանքով, Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տիք Կեփհարթ Քոնկրեսին մէջ իր երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին պայքարած է ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Սակայն պաշտօնաթողութենէն շատ չանցած` ան դարձաւ հայկական հարցերու մոլի հակառակորդ` դրամ աշխատելով Հայոց Ցեղասպանութեան թրքական ժխտումներէն: Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան փաստաթուղթերը կը բացայայտեն, որ «Կեփհարթ կրուփ»-ին վճարուած է տարեկան 1.4 միլիոն տոլար` Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ շահերը յառաջ քշելու համար:

Ըստ «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրման մասին» օրէնքին, արդարադատութեան նախարարութիւն «Կեփհարթ կրուփ»-ի ներկայացուցած փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Կեփհարթը եւ անոր գործընկերները անցեալ տարի հանդիպումներ ունեցած են Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտի տասնեակ անդամներու հետ` աշխատանքներ տանելով ընդդէմ. 1) Քոնկրեսի բանաձեւերու` Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնէական եկեղեցիները վերադարձնելու վերաբերեալ, եւ 2) բացայայտումներու, թէ Թուրքիա աջակցած է իսլամական ժիհատականներուն` Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ քաղաք անոնց ներխուժման ժամանակ:

Աւելի նողկալի է, որ արդարադատութեան նախարարութեան փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, թէ ինչպէս 2014 թուականի Ապրիլ 24ի նախօրէին Կեփհարթի գործընկեր Ճանիս Օ’քանըլը կապ հաստատած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմի ղեկավար Պրայն Մաքքէընի եւ արտաքին գործոց նախարարի օրէնսդրական հարցերով տեղակալի օգնական Չատ Քրայքեմիըրի հետ, որպէսզի ձեւափոխէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նախագահ Օպամայի ամէնամեայ յայտարարութիւնը` Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի խեղաթիւրուած եւ կեղծաւոր ներողութենէն ետք, զոր ան յայտնած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներու բոլոր զոհերուն համար:

Արդարադատութեան նախարարութեան փաստաթուղթերը նաեւ կը բացայայտեն, որ Կեփհարթը եւ Օ’քանըլը  3 Մարտ 2014ին «Թրքական օդուղիներով» մեկնած են Պոլիս եւ Անգարա` Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհրդականի հետ հանդիպելու նպատակով: Կեփհարթը Պոլիս եւ Անգարա մեկնած է Փարիզէն` երթուդարձի համար ծախսելով 1513 տոլար, իսկ  Օ’քանըլը Պոլիս եւ Անգարա մեկնած է Ուաշինկթընէն` ծախսելով 6986 տոլար երթուդարձի համար: Երկու լոպիստները երեք օր գիշերած են Պոլսոյ «Կանրատ» պանդոկին մէջ, եւ իւրաքանչիւրին ծախսը կազմած է 710 տոլար: Թուրքիոյ մէջ գտնուած ատեն անոնք ծախսած են 600 տոլար` լիմուզիններու ծառայութեան վրայ:

 Անցեալ ամիս Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Ամերիկայի հայկական համագումարը եւ Հայ երիտասարդական միութիւնը (Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) աւելի քան 200 նամակ ուղարկած են «Կեփհարթ կրուփ»-ին եւ Թուրքիոյ համար աշխատող չորս այլ լոպիական ընկերութիւններու` «Տիքսթէյն շափիրօ» ՍՊԸի, «Կրինպըրկ թրորիկ», «Ալփայթակ» եւ «Միջազգային ԼՊ» յաճախորդ հանդիսացող գործարարներուն, համալսարաններուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն: Նման նամակով մը անոնք  խնդրած են «Եունայթըտ էյրլայնզ»-էն պահանջել լոպիական ընկերութենէն դադրեցնել իր  պայմանագիրը Թուրքիոյ կառավարութեան հետ, հակառակ պարագային օդանաւային ընկերութիւնը պէտք է խզէ իր պայմանագիրը լոպիական ընկերութեան հետ: Եթէ մինչեւ Փետրուար 28 ոչ մէկ գործողութեան ձեռնակուի, ամերիկահայերը պէտք է բողոքի ցոյց կատարեն ինչպէս լոպիական ընկերութեան, այնպէս ալ «Եունայթըտ էյրլայնզ»ի դէմ:

Թուրքիոյ լոպիական ընկերութիւններուն հակազդելու ջանքերը տուին իրենց առաջին պտուղները: Փետրուար 23-ին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ Լոս Անճելըսի «Միջազգային օդակայանները» [LAWA], որ ամբողջութեամբ կը պատկանի Լոս Անճելըս քաղաքին, որոշած է խզել իր 845 հազար տոլարի պայմանագիրը «Կեփհարթ կրուփ»-ին հետ, անկէ ետք, երբ  անցեալ տարուան Դեկտեմբերին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիին` «Վերջ դնելու Լոս Անճելըս քաղաքի եւ Տիք Կեփհարթի միջեւ եղած բոլոր կապերուն»:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանը ողջունեց «LAWA-ի եւ Լոս Անճելըս քաղաքի պաշտօնատար անձերու` զերօ հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւն ցուցաբերելու սկզբունքային դիրքորոշման համար` ընդդէմ Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան: LAWA-ի որոշումը կ՛արտացոլացնէ ճիշդ կառավարման բարձրագոյն չափանիշները եւ աւելի կ՛ամրապնդէ Լոս Անճելըսի` իբրեւ  պետական եւ միջազգային առաջնորդի հպարտ դիրքորոշումը ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով: Որպէս Ցեղասպանութիւնը ժխտող անձ` Կեփհարթը արժանի չէ Լոս Անճելըսի բնակիչներու նոյնիսկ մէկ տոլարին, եւ պէտք չէ որեւէ կապ ունենայ մեր քաղաքին հետ»:

 Ըստ Արեմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ձեռք բերած փաստաթուղթերուն` ««Կեփհարթ կրուփ» ընկերութիւնը LAWA-ի հետ ունեցած է «845 հազար տոլարի պայմանագիր մը, որուն վերաբերող համաձայնութիւն ձեռք բերուած է 2012-ին Լոս Անճելըսի նախկին քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլարէյկոսայի պաշտօնավարութեան ժամանակ: LAWA-ի հետ պայմանագրի հաստատումէն ետք, «Կեփհարթ կրուփ»-ը կը ստանար ամսական աւելի քան 23 հազար տոլար վարձատրութիւն` օդակայանի համար իր աշխատանքին դիմաց, միաժամանակ ներկայացնելով Թուրքիոյ կառավարութեան շահերը ընդդէմ ամերիկահայ համայնքի շահերուն»:

Այս առաջին մեծ յաղթանակէն ետք ամերիկահայերը պէտք է շարունակեն կոչ ուղղել մնացած 200 ընկերութիւններուն` «Կեփհարթ կրուփ»-ի եւ Թուրքիոյ կողմէ վարձու այլ լոպիական ընկերութիւններու յաճախորդներուն` խզելու իրենց պայմանագրութիւնները, քանի որ Ցեղասպանութեան ժխտողները վարձելը թէ անբարոյական է, թէ վատ առեւտուրի որոշում…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

“Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com 

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up