Դեսպան Գրիգորեանի Հանդիպումը Իրաքի Կապի Եւ Փոխադրամիջոցներու Նախարարին Հետ

Փետրուար 23-ին Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Կարէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցաւ Իրաքի կապի եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Պաքըր Ճապըր Ալ-Զուպէյտիի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ փոխադրամիջոցներու ոլորտին մէջ համագործակցութեան հեռանկարները: Զրուցակիցներն ընդգծեցին Պաղտատ-Երեւան ուղիղ չուերթներու գործարկման կարեւորութիւնը: Դեսպան Գրիգորեան նշեց, որ ուղիղ չուերթի առկայութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ զբօսաշրջութեան զարգացման եւ գործարար կապերու ընլայնման:

Այս մասին կը տեղակացնեն ՀՀ ԱԳՆ-էն:

Scroll Up