«Սփիւռքահայերը Սկսած Են Արշաւի Մը, Որ Կրնայ Բացասաբար Անդրադառնալ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ Յարաբերութիւններուն Վրայ» Կ՛ըսէ Չիչեք
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք անգամ մը եւս մեղադրած է հայկական սփիւռքը` Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դէմ արշաւ սկսելուն համար:
«Հայկական սփիւռքը սկսած է արշաւի մը, որ կրնայ բացասաբար անդրադառնալ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն վրայ», ըսած է Չիչեք:
Ան խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին` անգամ մը եւս յայտարարած է, որ այս հարցին մէջ երեսփոխանները չեն կրնար հանդէս գալ իբրեւ դատարան:
«Թուրքիան պատրաստ է առերեսուելու անցեալի ցաւոտ դէպքերուն հետ, սակայն այդ իրադարձութիւններուն գնահատական պէտք է տան պատմաբանները, ոչ թէ երրորդ կողմերու խորհրդարաններն ու միջազգային դատարանները», ընդգծած է Չիչեք:
aztagdaily.com