Լոնտոնի Մէջ Բարեգործական Համերգ` Ի Նպաստ Սասունիկ Գիւղի Մանկապարտէզին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/Londonum.jpg)
Փետրուար 21-ին Լոնտոնի հեղինակաւոր «Սենթ Ճոն Սմիթ Սքուեր» համերգասրահին մէջ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» հիմնադրամի բրիտանական մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած ամենամեայ աւանդական բարեգործական համերգը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ձեռնարկին ներկայ էին Լոնտոնի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, օտարերկրեայ հիւրեր, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Այս տարի համերգը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Ելոյթ ունեցան ճանչցուած հայ երգիչներ Լիպարիտ Աւետիսեան, Վարդուհի Խաչատրեան, Լիլիթ Սողոմոնեան եւ դաշնակահար Արմէն Աղաջանեան: Երգացանկին մէջ ընդգրկուած էին հայ եւ եւրոպացի երգահաններու յայտնի գործեր:
Համերգէն ստացուած հասոյթը պիտի տրամադրուի Արագածոտնի մարզի Սասունիկ գիւղի մանկապարտէզին: