Քուէյթի Ազգային Վարժարանի հոգաբարձական կազմն ու վարժարանի տնօրէնը այցելեցին ՀՀ դեսպանատուն

Կիրակի , 22 Փետրուար 2015-ին , երեկոյան ժամը 6:00-ին, Քուէյթի Ազգային Վարժարանի նորանշանակ հոգաբարձական կազմն ու վարժարանի տնօրէնը այցելեցին ՀՀ դեսպանատուն եւ դիմաւորուեցան ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Ֆատէյ Չարչօղուլեանի կողմէ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հիւպատոս Լեւոն Պետրոսեան: Դեսպանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Զաւէն Թոգմաքճեան ծանօթացուց կազմի անդամները: Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ազգային Վարժարանին, վեր առնելով անոր անփոխարինելի դերը , յատկապէս հայեցի դաստիարակութեան մէջ:
Դեսպանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց հնարաւոր բոլոր միջոցներով կանգնելու վարժարանի կողքին եւ յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ կազմին: Հոգաբարձութեան ատենապետ տիար զաւէն Թոգմաքճեան կազմի անունով փոխգործակցութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց եւ յաջողութիւն մաղթեց դեսպանին իր ազգանուէր աշխատանքին մէջ: Դպրոցին եւ աշակերտներուն յետդպրոցական ուսումնառութեան վերաբերեալ տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց: Մէկ ժամեայ հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ բարեմաղթանքներով:
Արժանի է յիշատակել, որ դեսպանի ջանքերով, Քուէյթի Պետական Համալսարանի աղջկանց բաժնին մէջ, դեսպանատան յատկացուած մէկ տեղը փոխանցուած է Ազգային Վարժարանին: