ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՔԱՐԱ-ՄՈՒՐԶԱՅԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ձմեռուան եղանակի ամենէն ցուրտ օրուան` Փետրուար 19, 2015ին, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ սրահը հաւաքուած էր գրասէր ու երաժշտասէր հասարակութիւնը։  Հաւաքին դրդապատճառը` վերջերս լոյս տեսած Գրիգոր Փիտեճեանի հեղինակութեամբ գիրքը, որ նուիրուած էր 19րդ դարու վերջին քառորդն հայ երաժշտութեան նուիրեալ գործիչին` Քարա-Մուրզայի, որուն ներդրումը ընդհանրապէս հայ երգին ու նուագին եղաւ եզակի։

Օրուան մեծարեալին մասին հրաւիրուած էր խօսելու համաշխարհային ծանօթ դաշնակահար ու երաժշտագէտ Շահան Արծրունին։  Յայտագրին մէջ բաժին վերցնող զոյգ արուեստագէտներուն կեանքին ու գործին մասին արտայայտուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն. Նիւ Եորքի մասնաճիւղին փոխ ատենապետը` Յարութ Չաթմաճեան։  Հանդէսը կազմակերպուած էր ՀԲԸՄի, ԹՄՄի եւ Առաջնորդարանի «Զօհրապ» Տեղեկատուութեան գործակցութեամբ։

Շահան Արծրունի նախ յաջորդաբար դաշնակի վրայ նուագեց Քարա-Մուրզայի գործերէն հատուածներ, ինչպէս` «Կիլիկիա», «Ծիծեռնակ» եւ «Մեր Հայրենիք»։  Ապա ան ծանրացաւ «Մեր Հայրենիք» օրհներգին վրայ երբ անոր հեղինակը կը շփոթեն քաղաքական կազմակերպութեան վարիչները Բարսեղ Կանաչեանի հետ։  Այս օրհներգը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան որդեգրումէն տարիներ առաջ արդէն Քարա-Մուրզա նօթագրած է Լիմոնճեանի նօթագրութեամբ այս երգը, որ հրապարակէն անյայտացած էր երկա~ր ատեն, մինչեւ որ Փիտեճեան  տարիներու ուսումնասիրութենէ ետք, երեւան հանած էր այս երգին ձայնագրութիւնը Երեւանի Չարենցի անուան ձեռագրատունէն եւ զայն եւ որ ներարած է իր այս յիշեալ հատորին մէջ։

Պարոն Արծրունին աւելի առաջ երթալով աւելցուց որ տարիներ առաջ Փիտեճեանի Անթիլիասի մայրավանքի երաժշտութեան ուսուցիչը Համբարձում Պէրպէէրեան հաղորդակից դարձած էր այդ երաժշտութեան Իտալիոյ մէջ, որպէս գրեհիկ երաժշտութիւն մը գիշերային վայրերու յարմար։

Ապա Արծրունի կ’արտայայտուի Խաչատուրեանի ստեղծագործութեամբ Խորհրդային Հայաստանի օրհներգին պնդելով որ ան որպէս գեղարուեստական ստեղծագործութիւն եւ որակ աւելի յարգանք կը պարտադրէր երաժշտական աշխարհին։  Խաչատուրեան սկիզբը նկատի առած էր այդ Սովետական Միութեան որպէս քայլերգ, սակայն աւելի ուշ ան դարձած էր Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան օրհներգը մօտ 70 տարիներ։  Ան ըսաւ թէ տակաւին ունի ամէն յոյս վերադարձնելու Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնը, բառերու փոքր փոփոխութեամբ մը միայն, Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան որպէս վերջնական օրներգ։

Պարոն Փիտեճեան լայնօրէն անդրադարձաւ այս իր գործին տուն տուող պատճառներուն։  Այնուհետեւ ծանրացաւ Քարա-Մուրզայի քառաձայն պատարագին, որ Եկմալեանէն ու Կոմիտասէն շատ առաջ արդէն Հայաստանի ու զանազան գաղթավայրերու մէջ կիրարկուած էր, մինչեւ այն օրը երբ Էջմիածնի վանաբնակ խաւարամիտ կարգ մը եկեղեցականներ արգելք հանդիսացան, ժամանակաւորապէս, մինչեւ Մակար Եկմալեանի կողմէ կատարուած քառաձայն պատարագի ընդունումը Մայր Աթոռին կողմէ, նոյն ինքն Խրիմեան Հայրիկի հրապարակած սրբատառ կոնդակով։

Փիտեճեան իր գիրքին մէջ ներարած է Քարա-Մուրզայի այս պատարագը, որ դարձեալ շնորհիւ իր գիտաշխատութեան երեւան բերած է Չարենցի անուան ձեռագրատունէն։  Վերջերս Երեւանի Սենեկային երաժշտասրահէն լսուեցաւ Քարա-Մուրզայի այս պատարագը եւ մասեր անկէ հաղորդուեցաւ այդ երեկոյ սրահի մասնակիցներուն։

Շնորհաւորելի է կազմակերպիչ յանձնախումբին այս նախաձեռնութիւնը եւ մանաւանդ` Արա Արազի աշխատանքը այս առթիւ։

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Նիւ Եորք 

Նյու յորք Նյու յորք1

Scroll Up