ԱԳ Նախարարի Տեղակալ Մնացականեանը Հանդիպած Է ԵւրոպայիԽորհուրդի Տեղական Եւ Տարածաշրջանային Իշխանութիւններու ՔոնկրէսիՆախագահին

Յունիս 19-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ ԶոհրաբՄնացականեան հանդիպում ունեցած է Հայաստան գտնուող ԵւրոպայիԽորհուրդի Տեղական եւ տարածաշրջանային իշխանութիւններու Քոնկրէսինախագահ Հերուիկ Վան Շտաային:

Հանդիպման հանգամանալից քննարկուած են Եւրոպայի խորհուրդին մէջՀայաստանի նախագահութեան գերակայութիւնները, մասնաւորապէս`տեղական ժողովրդավարութեան առնչուող հարցերը: Երկուստեք կարեւորհամարած են այն հանգամանքը, որ Հայաստանը Եւրոպայի Խորհուրդինախորդ եւ յաջորդ նախագահութիւններու հետ սահմանած է համատեղգերակայութիւններ, որոնց մէջ տեղ  գտած է տեղականժողովրդավարութեան զարգացման հարցը:
Անդրադառնալով նախորդ օրը Երեւանի մէջ կայացած ԵԽ Քոնկրէսիբիւրոյի նիստին`  Հերուիկ Վան Շտաան շնորհակալութիւն յայտնած էՀայաստանի իշխանութիւններուն զայն Երեւանի մէջ հիւրընկալելու եւլաւագոյնս կազմակերպելու համար: Քոնկրէսի նախագահը նաեւ կարեւորնկատած է նոյն օրը մեկնարկած «Մասնակցային ժողովրդավարութիւնըտեղական մակարդակի վրայ» թեմայով միջազգային համագումարի կազմակերպումը` նշելով թեմայի կարեւորութիւնը եւրոպականհասարակութիւններուն համար:
Նախարարի տեղակալը եւ ԵԽ Քոնկրէսի նախագահը միտքերփոխանակած են ԵԽ անդամ պետութիւններուն մէջ մարդու իրաւունքներուպաշտպանութեան, օրէնքի գերակայութեան ու տեղական մակարդակիվրայ ժողովրդավարութեան ամրապնդման հարցերու շուրջ:
Քոնկրէսի նախագահի խնդրանքով Նախարարի տեղակալը անդրադարձածէ Հարաւային Կովկասին մէջ առկայ տարածաշրջանային խնդիրներուն: Այսմասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոցնախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապիվարչութենէն:
Scroll Up