Պերիոյէն, Մանսուրեանէն, Պրամզէն, Քարթալեանէն Եւ Յովհաննիսեանէն Կտորներ՝ «Դիլիջան»ի Համերգին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/համերգ-դիլիջան.jpg)
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Համաշխարհային հռչակի արժանացած հարուածային գործիքներ նուագող Քունիքօ Քաթօ եւ «Կրամի»ի թեկնածու դարձած սոփրանօ Թոնի Առնոլտ, շարք մը այլ հեղինակաւոր արուեստագէտներու կողքին ելոյթ պիտի ունենան Կիրակի, Փետրուար 22ին, կ.ե. ժամը 3ին սկսելիք սենեկային երաժշտութեան համերգի մը ընթացքին, «Լարք»ի «Դիլիջան» համերգաշարի ծիրէն ներս:
Լոս Անճելըսի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ տեղի ունենալիք սոյն համերգին, առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ներկայացուին Աշոտ Քարթալեանէն ու Արամ Յովհաննիսեանէն նոր ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ Լուչիանօ Պերիոյէն, Տիգրան Մանսուրեանէն եւ Եոհանս Պրամզէն կտորներ։
Մենակատարներու շարքին են նաեւ Ճուտիթ Կորտըն (դաշնակ), Ֆիլ Օ՛Քանըր (քլարինեթ), Եդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ) եւ Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ)։
Տոմսերու սակը 20 եւ 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-9997 ու (818) 572-5438 թիւերուն, կամ այլցելել dilijan.larkmusicalsociety.com կայքը:
Նշենք, որ 2014-2015ի «Դիլիջան» համերգաշարը կ՛իրականացուի յաջորդական 10րդ տարին ըլլալով. այս տարուան համերգաշարը նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին:
http://asbarez.com/