Թուրքիոյ Մէճլիսի Նախագահը Վախցած Է Հայկական Սփիւռքի Ազդեցիկ Աշխատանքէն ԱՄՆ-ի Մէջ
Ան օգտագործած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ եւ ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մայքլ Թուրների հետ հանդիպման առիթը ու կրկին յայտարարած Հայոց ցեղասպանութեան հարցը տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու քննարկումներէն դուրս բերելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս մասին կը յայտնէ Artsakhpress-ը:
Թրքական Haberler.com-ի փոխանցմամբ` Չիչէք Թուրներին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան ընդունելութեան ժամանակ նուրբ սպառնալիք դրած է իր խօսքին մէջ` հաւատացնելով, իբր, որ «հայկական սփիւռքը արշաւ մը սկսած է, որ կրնայ վնասել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները»: Մէճլիսի (խորհրդարան) խօսնակը ըսած է, թէ Թուրքիան պատրաստ է առերեսուելու իր անցեալին տեղի ունեցած դէպքերուն հետ` չմոռնալով աւելցնելու, որ «պատմութեան ընթացքին գրանցուած ցաւոտ դէպքերը ուսումնասիրելը պատմաբաններու եւ գիտնականներու գործն է, իսկ խորհրդարանականները այստեղ ընելիք չունին»: