Տիարպեքիրի Հայերուն Նուիրուած Նոր Գիրք Մը Լոյս Տեսած Է
Թուրքիոյ մէջ Տիարպեքիրի հայերուն նուիրուած նոր գիրք մը լոյս տեսած է. հեղինակ` Քասըմ Էրթաշ:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են տեղեկութիւններ Տիարպեքիրի հայերու, մուսուլմաններու եւ այլ ցեղային խումբերու հետ անոնց շփման, կենսակերպի, ընտանեկան կեանքի, կրօնական ծէսերու ու կառոյցներու մասին:
«Անատոլիոյ հնագոյն ազգերէն մէկուն` հայերու սոցիալ-մշակութային կեանքի մասին քիչ տեղեկութիւններ ունինք: Տիարպեքիրի հայերը` նոյնպէս: Չնայած Օսմանեան կայսրութեան մէջ Տիարպեքիր նահանգին մէջ կրօնական եւ մշակութային հարուստ խումբեր եղած են: Գիրքը կը պատկերէ Օսմանեան կայսրութեան բոլոր
գոյները եւ կարծէս կայսրութեան մանրակերտն է»,- Tert.am-ի տեղեկացմամբ, գիրքին մասին հաղորդած է թրքական kitapyurdu.com կայքը: