Գիրք Նուիրելու օրը Ազգային Վարժարանէն ներս
2008 Թուականէն ի վեր իւրաքանչիւր տարուան Փետրուար 19ին, Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը, Գրողներու Միութեան Նախագահ Լեւոն Անանեանի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ Կառավարութեան որոշմամբ, Հայաստանի մէջ կը նշուի գիրք նուիրելու օրը:
Հինգշաբթի, 19 Փետրուար 2015ին, Քուէյթի Ազգային Վարժարանէն ներս եւս նշուեցաւ այս իւրայատուկ օրը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ը. կարգի աշակերտներէն Քարէն Թաշճեան, որ պատշաճ կերպով ներկայացուց գիրքին դերը մարդուն կեանքին մէջ: Այնուհետեւ Վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները գեղարուեստական ծրագիր մը ներկայացուցին` արտասանելով, հայ լեզուին նուիրուած ոտանաւորներ: Հնչեց նաեւ արաբերէն լեզուով ոտանաւոր մը, որուն յաջորդեց արաբերէն լեզուի ուսուցչուհի Տիկ. Զապիա Պուլոսի «գիրք նուիրելու օրուան» նուիրուած խօսքը:
Յաջորդիւ իր խօսքը փոխանցեց Վարժարանիս տնօրէն Պրն. Մանուկ Մանուկեան, որ կարեւորեց գիրքին դերն ու նշանակութիւնը մարդկութեան ձեւաւորման եւ անոր հոգեմտաւոր զարգացման մէջ: Ան յորդորեց ոչ միայն գիրք նուիրել, գնել, այլ նաեւ զանոնք «մաշեցնել»: Այնուհետեւ Վարժարանիս Տնօրէն Պրն. Մանուկ Մանուկեանի եւ համայնքիս Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Արտակ Քէհեաեանի ձեռամբ Ա կարգի աշակերտներուն փոխանցուեցաւ Թումանեանի հեքիաթներու գիրքը, որմէ ետք նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները գիրքեր նուիրեցին իրարու եւ Վարժարանիս գրադարանին:
Այս մասին Հայերն Այսօրին կը յայտնէ Քուէյթի Ազվային դպրոցի տնօրէն Մանուկ Մանուկեան: