Էլէն Սարգիսեան-Չեսնաթ Իր «Տելի Սարգիս» Հատորը Պիտի Ներկայացնէ
Էլէն Սարգիսեան-Չեսնաթ, իր հեղինակած եւ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած հօրը ականատեսի վկայութեանց վրայ հիմնուած հատորը՝ «Տելի Սարգիս. Անոր Կրած Սպիները» («Deli Sarkis: The Scars He Carried»), պիտի ներկայացնէ Երեքշաբթի, Փետրուար 24ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA):
Հեղինակը պիտի ներկայացնէ շարժապատկերներ արտադրող Հրայր Անմահունին։
Էլէն Սարգիսեան-Չեսնաթ պիտի խօսի նաեւ թրքական ուրացման արշաւին դէմ դնելու կարելիութեանց մասին։ Հեղինակը Իրաք ծնած է ու իր ընտանիքին հետ Միացեալ Նահանգներ գաղթած՝ 2 տարեկան հասակին: Անոր հայրը մահացած է 1995ին: Գիրքին մէջ հեղինակը կը նկարագրէ Ցեղասպանութեան ընթացքին 10 տարեկան եղած իր հօր ոդիսականը:
«Ապրիլ» գրատան կազմակերպած այս ձեռնարկի մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։