Ռուսաստանի Մէջ Հայ Երիտասարդը Յուշամետալով Պարգեւատրուած Է Փոքր Երեխայ Մը Փրկելու Համար
Ռուսաստանաբնակ 26-ամեայ Հրաչեայ Գրիգորեան հերոսական արարքի եւ ՆԳՆ-ին օգնելու համար պետական մարմինի կողմէ պարգեւատրուած է մետալով: Ինչպէս կը հաղորդեն ռուսաստանեան լրատուամիջոցները, երկու օր առաջ Գալինինկրատի շուկաներէն մէկուն մէջ ամուսնական զոյգ մը մինակ ձգած է երեխան ինքնաշարժին մէջ, կը գրէ analitik.am-ը:
Երեխան, այդ ընթացքին գործի դնելով ինքնաշարժը, գետ ինկած է:
Գրիգորեան, նկատելով եղածը, արագութեամբ հասած է սուզուող ինքնաշարժին, կոտրած ապակին եւ դուրս հանած երեխան: