«Մահ Անապատին Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը». Ռոլֆ Հոսֆելտի Գիրքի Շնորհանդէսը Գերմանիոյ ՄԷջ

Փոդստամի մէջ տեղի ունեցաւ գերմանացի գրականագէտ, փիլիսոփա Ռոլֆ Հոսֆելտի «Tod in der Wֆste. Der Vփlkermord an den Armeniern» («Մահ անապատին մէջ. Հայոց ցեղասպանութիւնը») գիրքի շնորհանդէսը: Այն կը պարունակէ պատմական կարեւոր տեղեկութիւններ հայերուն հանդէպ Օսմանեան Թուրքիոյ իշխանութիւններու ծրագրած անմարդկային գործողութիւններուն մասին, որոնք տեղի ունեցան 1915-ի գարնան եւ ամրան, Armeniangenocide100.org-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ «Կալան»:

«Տեղի ունեցաւ տեղահանութիւն, որուն իրական նպատակն էր կոտորել հայերը անապատներու ճանապարհներուն»,- հեղինակը կը մէջբերէ Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանի`1915թ.-ին արտայայտած խօսքերը: «Անապատին մէջ անոնց կը սպասէր միայն մահ. տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներուն: Անոնք թոյլ կու տան, որ թուրքերը իրենց քշեն անապատ` մահանալու այրող արեւէն ու ծարաւէն»,- այդպէս  արտայայտուած է գերմանացի դեսպանը 1915թ.-ին Յուլիսին` Պեռլին վերադառնալէ ետք:

Գիրքին մէջ հեղինակը հարց կը բարձրացնէ` ինչպէ՞ս Օսմանեան Թուրքիան կարողացաւ ամբողջ աշխարհի քար լռութեան եւ անտարբեր հայեացքի ներքոյ իրականացնել այդ ցեղասպանութիւնը, որ առ այսօր պատմական տաբու կը հանդիսանայ այդ երկրին մէջ: Յաջորդ հարցն է, թէ ինչն էր համապատասխան պայմաններ ստեղծեց իրադարձութիւններու զարգացման եւ ոճիրը իրականացնելու համար:

Նշենք, որ գիրքի հեղինակը Potsdamer Lepsiushaus-ի`«Լեփսիուսի տան» գիտական ղեկավարն է: Բազմաթիւ փաստագրական գիրքերու եւ գիտական յօդուածներու հեղինակ Ռոլֆ Հոսֆելտը ծնած է 1948 թուականին: Իր
ստեղծագործութիւններուն մէջ կ’անդրադառնայ մշակութային եւ ժամանակակից հասարակութեան յուզող պատմական երեւոյթներուն ու հիմնախնդիրներուն: Արժանացած է տարբեր մրցանակներու: Հոսֆելտ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը կը հիմնաւորէ փաստաթուղթերով, գիրքեր կը հրատարակէ, կը մասնակցի գիտաժողովներու` տարածելով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստագրական նիւթեր ու տեղեկութիւններ:

Գիրքի շնորհանդէսին բացման խօսքով հանդէս  եկած է Փարիզի պատմահետազօտական թանգարանի տնօրէն եւ Պեռլինի համալսարանի ժամանակակից պատմութեան Փրոֆէսոր Փիթեր Շեօթլեր (Peter Schփttler):

Scroll Up