Թուրքիա Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգի Մեծ Պայմանագիրի Մը Կնքումը Կը Կապէ Ցեղասպանութեան Հարցին

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա մէկ միլիառ տոլար արժողութեամբ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելու դիմումը պիտի քննարկէ ապրիլ 24-էն ետք: Այդ մէկը պայմանաւորուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին դրսեւորելիք կեցուածքով: «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիան այդ հարցին մէջ որոշում պիտի կայացնէ հիմնուելով ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումին վրայ:

Դիւանագիտական աղբիւր մը նշած է, որ Թուրքիա կը փափաքի վճիռ կայացնելէ առաջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դիրքորոշումը տեսնել: Անգարա հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր տեղադրելու համար սեպտեմբեր 2013-ին համաձայնութիւն գոյացուցած էր չինական ընկերութեան մը հետ, իսկ նոյն հարցին վերաբերեալ Արեւմուտքին հետ զուգահեռ բանակցութիւններու սկսած է վարել անցեալ տարուընէ:

Scroll Up