Մարսէլի Քաղաքապետարանը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցը Յիշատակելու Որոշում Կայացուց

Փետրուար 17-ին Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը որոշած է սատարել 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկները: Մարսէլի քաղաքային խորհուրդի նիստի ժամանակ քաղաքապետի տեղակալ Տիտիէ Փարաքեան ներկայացուց «Քննարկումներ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առնչութեամբ», որ ընդունուեցաւ միաձայն:

Այսպիսով, Մարսէլը որոշեց նեցուկ կանգնիլ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Տիտյէ Փարաքեանի խօսքը, որոշ կրճատումներով.

«Պարո´ն քաղաքապետ, 2015 թուականը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցող տարի է` յիշատակելու 20-րդ դարու տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնները: Իսկ 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին սկսաւ ցեղասպանութիւն, որ 1,5 միլիոն հայերու կեանք խլեց: 1915 թուականէն սկսած` Մարսէլ քաղաքը ընդունած է Ցեղասպանութեան բազմաթիւ վերապրածներու, որոնք այսօր հայկական Սփիւռքի մաս կազմող հզօր ներկայութիւն են: 2001 թուականի Յունուար 29-ին Ֆրանսան հրապարակաւ ճանչցաւ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հակառակ պատմական ապացոյցներուն, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ենթակայ է դատապարտման եւ հերքումը վիրաւորանք է զոհուածներու յիշատակին եւ անոնց ժառանգներու արժանապատուութեանը:

Նկատենք, որ Մարսէլի հայ համայնքը օժանդակած է քաղաքի մշակոյթի զարգացման ու մեր քաղաքի զարգացման: Մարսէլ քաղաքը եւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը հաստատած են զօրաւոր կապեր,: Երեւանի հետ  1992 թուականին ստորագրուեցաւ առաջին համագործակցութեան համաձայնագիրը, որ վերանորոգուեցաւ 2013 թուականի Հոկտեմբերին:

Այս ամէնը  կը քաջալերեն մեզի առաջարկելու քաղաքային խորհուրդին ընդունելու այս բանաձեւը»:

Լսելով զեկոյցը` Մարսէլի քաղաքային խորհուրդը որոշեց յիշատակել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Որոշեց ծրագիրներ մշակել` ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ պայքարիլ ցեղասպանութեան ժխտման դէմ:

Գրիգոր Ամիրզայեան

Scroll Up