«Սեւր-2015». Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-յուշահամալիրի ծրագիրը պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ

Կիրակի, Յունիս 16ին, Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի տարեկան դաշտահանդէսին մասնակիցները, ինչպէս նաեւ շրջանի քաղաքապետեր եւ այլ ընտրեալներ առիթը ունեցան ծանօթանալու թանգարան-յուշահամալիրի ծրագիրի զարգացման ընթացքին:

Հայր Յարութիւն Պզտիկեան՝ տնօրէնը Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի եւ փոխնախագահը «Սեւր-2015» ընկերակցութեան, ողջունեց իրարու ետեւէ ժամանող տեղւոյն եւ դրացի քաղաքապետերը՝ Սեւրի քաղաքապետ Ֆրանսուա Քոսիիւսքօ-Մորիզէն, Գլամարի ծերակուտական-քաղաքապետ՝ Ֆիլիփ Քալթընպախը, Մէօտոնի ծերակուտական-քաղաքապետ Հերվէ Մարսէյը, Իսիի երեսփոխան-քաղաքապետ Անտրէ Սանթինին, բայց նաեւ՝ Հօ-տը-Սէն նահանգի Ընդհանուր խորհուրդի նախագահ եւ Սամուէլ-Մուրատեանի նախկին սան՝ Փաթրիք Տէվէճեանը: Անոնք, հետաքրքրասէր մեծ թիւով միւս հիւրերուն նման, կրցան հարցումներ ուղղել «Սեւր-2015»-ի անդամներուն, կարծիքներ փոխանակել անոնց հետ: Այն սրահին մէջ, որ յատկացուած էր ծրագիրին ներկայացումին, մեծ ցուցատախտակի մը վրայ զետեղուած էին տարածքին ներկայի վիճակը եւ նախատեսուող վիճակը ներկայացնող պատկերներ, ինչպէս նաեւ սեղանի մը վրայ՝ յատակագիծին մանրակերտը:

«Սեւր-2015» ընկերակցութեան նախագահը՝ Ժերար Կերկերեան, ընտրեալներուն բացատրեց, թէ ներկայացուած մանրակերտը նախնական յղացում մըն է: Ան իր վերջնական ձեւը պիտի գտնէ Գիտական խորհուրդին ուսումնասիրութիւններէն եւ թելադրանքներէն ետք:

Պ. Քոսիւսքօ-Մորիզէ նկատելով ծրագիրին արագ յառաջընթացը, դիտել տուաւ, որ այս վայրը՝ ուր կ՚իրագործուի նշեալ ծրագիրը, կը գտնուի Յախճապակիի թանգարանէն քիչ անդին, հոն ուր կնքուած էր Սեւրի դաշնագիրը եւ որու շէնքին առջեւ ինք զետեղել տուած է խաչքար մը:

Ֆիլիփ Քալթընպախ ալ իր զօրակցութիւնը յայտնեց յատկապէս որպէս Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ: Ան ըսաւ, թէ ամբողջ հայ գաղութը պէտք է նեցուկ կանգնի այս ծրագիրին:

Անտրէ Սանթինի ալ յատկապէս՝ ամբողջ Ֆրանսայի ծաւալով հանգանակութիւն մը սկսելու կոչ ըրաւ ներկաներուն:

Փաթրիք Տէվէճեան նախ ըսաւ, որ մենք Ֆրանսայի համար նահատակուածներ ենք: Դիտել տուաւ, որ մեր պապերը ջարդուեցան նաեւ անոր համար, որ Ֆրանսայի դաշնակիցներ էին: Ան շեշտը դրաւ ժխտողականութեան անընդունելի եւ այլեւս անտանելի բնոյթին վրայ եւ ըսաւ, որ այս ծրագիրը պիտի ըլլայ ատոր լաւագոյն պատասխանը: Ան նաեւ շեշտեց, որ այսօր հազար Ֆրանսացիէն մէկն իսկ չի գիտեր Փոքր Հայաստանի՝ ֆրանսական հսկողութեան (1916-1921) մասին, ոչ ալ՝ Արեւելեան լեգէոնին՝ ֆրանսական բանակին ունեցած ներդրումին մասին: «Այս բոլորը ծանօթացնելու համար մեր համաքաղաքացիներուն, հարկ է վայր մը: Այդ վայրը Սեւրն է»,- եզրափակեց ան:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up