Երեւան Պէյրութ թռիչքը Իջեցուած գիներով

«Ֆլայ Տուպայ» օդանաւային ընկերութիւնը երէկ կէսօրին յայտարարեց 48 ժամուան բացառիկ առիթ մը, որուն համաձայն, Պէյրութէն դէպի կարգ մը երկիրներ թռիչքներուն օդանաւային տոմսերուն գիները 30 առ հարիւրով նուազ արժէքով պիտի ըլլան, եթէ մինչեւ հինգշաբթի, 19 փետրուարի կէսօր մարդիկ ապահովեն իրենց տոմսերը:

Օդանաւային այս տոմսերը կը ներառեն 22 փետրուարէն 31 մայիս 2015 երկարող ժամանակաշրջանը:

Բացառիկ այս առիթին իբրեւ արդիւնք, դէպի Հայաստան երթուդարձի տոմսը 420 տոլարի փոխարէն դարձած է 294 տոլար: Մանրամասնութիւնները ստուգել www.flydubai.com կայքէն:

Scroll Up