Քրիստոնեաներու Մշակութային եւ Հոգեւոր կեանքը Պարսկաստանի մէջ

Ընդառաջելով  Յունաստանի մէջ գործող Պարսկաստանի դեսպանութեան մշակոյթի բաժանմունքի խորհրդատու՝ Տոքթ. Մահմուտ Հուսէյն Մոզաֆարիի հրաւէրին, Երկուշաբթի 9 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 18.30-ին, յանուն թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան ներկայ գտնուեցաւ «Քրիստոնեաներու Մշակութային եւ Հոգեւոր կեանքը Պարսկաստանի մէջ» նիւթով լուսանկարչական ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Ամարուսիի Քաղաքապետարանի Մշակութային կեդրոնին մէջ: Ներկայ էին Պարսկաստանի դեսպան՝ պրն. Պեհնամ Պեհրուզ, Ամարուսիի քաղաքապետ՝ պրն. Եորղոս Փաթուլիս, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Տ. Իէրոնիմոսի ներկայացուցիչ՝ Տ. Ալեքսանտրոս Քհնյ. Քարիոթողլու, դեսպաններ, մշակութային գործիչներ եւ պաշտօնական հիւրեր:

Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Պարսկաստանի դեսպանը, Ամարուսիի քաղաքապետը, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչը եւ Տ. Նարեկ Քահանայ Հայրը, որ իր խօսքին մէջ նախ յանուն Թեմակալ Առաջնորդ՝ Տ. Խորէն Արք. Սրբազան Հօր շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար բարձր գնահատելով յիշեալ նախաձեռնութիւնը եւ ապա անդրադարձաւ Հայ¬Պարսկական բազմադարեան բարեկամութեան եւ ի մասնաւորի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դարաւոր ներկայութեան եւ գործունէութեան մասին: Տէր Հայրը  ներկաներուն հաղորդեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. Վեհափառ Հայրապետի վերջին Հովուուապետական այցելութեան եւ «Նոր Ջուղան Միաստուածեան Կրօններու Համակեցութեան ու Համագործակցութեան Խորհրդանիշ» թեմայով խորհրդաժողովին ընթացքին շեշտած միաստուածեան կրօններու երկխօսութեան եւ համակեցութեան հրամայականի առանցքային կարեւորութեան մասին:

Արժան է յիշել,  թէ ցուցահանդէսին ներկայացուած լուսանկարներուն թեման ամբողջութեամբ նուիրուած էր Պարսկաստանի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող վանքերուն, եկեղեցիներուն եւ անոնց մէջ կատարուող աւանդական արարողութիւններուն եւ ծիսակատարութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկէջնոց յունալեզու պրակ մը, որ կը ներկայացնէր Պարսկաստանի մէջ հայութեան ներկայութեան պատմականին, վանական եւ եկեղեցական-մշակութային ՈՒՆԷՍՔՕ¬ի կողմէ պահպանուած կառոյցներուն մասին:
Աւարտին՝ Տէր Հայրը ներկաներուն բացատրութիւններ տուաւ ներկայացուած նկարներուն մէջ պատկերացուած ծիսակատարութեան մասին: Յաջորդեց հիւրասիրութիւն:

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի

azator.gr

Scroll Up