Նարեկ Քհնյ. Շահինեան Յունաց Ազգային Խորհրդարանէն ներս

Ընդառաջելով Յունաստանի Խորհրդարանի փոխ նախագահ՝ Իոաննիս Թրաղաքիսի պաշտօնական հրաւէրին, յանուն Յունաստանի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան, Հինգշաբթի, 5 Փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 11-ին ներկայ գտնուեցաւ պետութեան նորընտիր երեսփոխաններու երդման եկեղեցական եւ քաղաքական արարողութեան, Յունաց Ազգային Խորհրդարանէն ներս: Աւարտին, Տէր Հայրը, յանուն առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ յունահայութեան շնորհաւորեց նորանշանակ պրն. վարչապետն ու բարեկամ նախարարներ եւ նորընտիր երեսփոխաններ:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
azator.gr