Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ցաւակցագիր Յղած Է Ղպտի Եկեղեցւոյ Առաջնորդին

Փետրուար 16-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւակցական գիր յղած է Ալեքսանտրիոյ եւ Համայն Աֆրիկայի պապ, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Թեւատրոս Բ-ին Լիպիոյ մէջ ահաբեկիչներու կողմէ քսանմէկ ղպտի քրիստոնեաներու սպանութեան կապակցութեամբ:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եւ Մայր Աթոռի միաբանութեան անունէն Նորին Սրբութիւնը վշտակցութիւն յայտնած է ղպտի քրիստոնեաներուն, Եգիպտոսի ժողովուրդին եւ սպաննուածներու ընտանիքներուն:

Դատապարտելով իրականացուած ոճրագործութիւնը` Ամենայն Հայոց Հայրապետը կոչ կ’ուղղէ միջազգային հանրութեան առաւել ջանքեր գործադրելու Միջին Արեւելքի մէջ արդարութեան եւ համերաշխութեան հաստատման համար, որպէսզի բացառուին բռնութիւնները այն շրջաններուն մէջ, ուր քրիստոնեաներն ու մահմետականները դարեր շարունակ կ’ապրին խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ:

Scroll Up