Թրքական Լրատուամիջոցներու Անդրադարձը Հայ-թրքական Արձանագրութիւններու Յետկանչին

Թրքական լրատուամիջոցները ՀՀ նախագահին կողմէ Ազգային ժողովէն հայ-թրքական արձանագրութիւնները յետս կանչելուն անդրադարձած են հիմնականօրէն առանց մեկնաբանութիւններու:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, մասնաւորապէս, Haber3 լրատուական կայքը, առանց հրապարակելու Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին ուղղուած նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակը, գրած է, որ ՀՀ նախագահը խորհրդարանէն յետս կանչած է 2009 թուականի Հոկտեմբեր 10-ին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու ստորագրած արձանագրութիւնները: Կայքը յղում կատարած է ՀՀ նախագահի նամակին այն հատուածին, ուր ան խօսած է Թուրքիոյ կողմէ առաջ քաշուած յարաբերութիւններու հաստատման խոչընդոտած նախապայմաններուն:
Թրքական Haberler կայքը արձանագրութիւնները ՀՀ ԱԺ-էն ետ կանչելու մասին լուրը ներկայացուցած է որպէս Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլա Կիւլի մասնակցութեամբ սկսած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» աւարտ:
Թրքական Kanal A Haber կայքը տեղեկութիւնը ներկայացուցած է «Հայաստանէն ցնցում առաջացնող քայլ» վերնագիրով: Vatan թերթը թեմային անդրադարձած է «Երեւանը յետս կանչեց յարաբերութիւնները կարգաւորող արձանագրութիւնները» վերտառութեամբ:
Որոշ իշխանամէտ կայքեր տեղեկութիւնը ներկայացուցած են այսպէս. «Սարգսեան կարգաւորման գործընթացը թաղեց պատմութեան մէջ»: Իսկ Ankara Haber կայքը, նշելով, թէ Սարգսեան կրկին մեղադրած է Թուրքիան, լուրը ներկայացուցած է «Հայաստանի կողմէ սադրիչ քայլ» զաւեշտալի վերնագիրով: