«Նեմեսիս» Պատկերազարդ Գիրքին Յունարէն Հրատարակութիւնը

Հայ ազ­գին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­հա­ւոր ո­ճի­րին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն ­Թա­լէաթ ­Փա­շա­յին ա­հա­բե­կու­մը, ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի կող­մէ, կը ներ­կա­յա­ցո­ւի «­Նե­մե­սիս» յու­նա­րէն գիր­քի պատ­կե­րա­զարդ է­ջե­

րուն մէջ։

«Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեան հրա­տա­րա­կու­թեամբ լոյս տե­սած է ­Փաո­լօ ­Քո­սիի գծագ­րու­թիւն­նե­րուն վրայ հա­մադ­րո­ւած աշ­խա­տան­քը, հե­ղի­նա­կու­թեամբ՝ Ժան ­Վա­րու­ժա­նի եւ Ճ.Պ. ­Ճեա­նի։

Հայ ազ­գի ար­դա­րա­դատ՝ վրի­ժա­ռու բա­զուկ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ­Թա­լաաթ ­Փա­շա­յի ա­հա­բե­կու­մը, ­Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը եւ ա­զատ ար­ձա­կու­մը կը նկա­րագ­րո­ւին, գիր­քի է­ջե­րուն մէջ, հե­տաքրք­րա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով,- ինչ­պէս Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհ. ­Ժո­ղո­վին ո­րո­շու­մը՝ ցե­ղաս­պան թուրք ջար­դա­րար­նե­րու ա­հա­բեկ­ման «­Նե­մե­սիս գոր­ծո­ղու­թեան» ծրագ­րու­մին եւ կազ­մա­կեր­պու­մին մա­սին։

15 ­Մարտ 1921ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին, երբ ­Թա­լէաթ ­Պեր­լի­նի մէջ իր բնա­կա­րա­նէն դուրս կու գար ու կը յա­ռա­ջա­նար ­Հար­տեն­պերկ փո­ղո­ցի մայ­թին վրայ, ­Թեհ­լի­րեան դէմ առ դէմ կանգ­նե­ցաւ ջար­դա­րա­րին եւ ատր­ճա­նա­կի մէկ գնդա­կով գե­տին փռեց զայն։ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ, աղմ­կա­լից դա­տա­վա­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ ու, վեր­ջա­պէս, դա­տա­րա­նը հաս­տա­տեց, որ ա­հա­բե­կու­մի են­թար­կո­ւած «զո­հը»՝ ­Թա­լէաթ, իս­կու­թեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դա­հիճ, ո­րուն ու­սե­րուն կը ծան­րա­նար ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած ըլ­լա­լու պե­տա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Փաո­լօ ­Քո­սիի թուղ­թին վրայ «ապ­րող» հե­րոս­նե­րը կեանք կը ստա­նան իր գծագ­րած պատ­կեր­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն եւ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան կը պար­զեն հայ հե­րո­սին՝ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի ան­զու­գա­կան տի­պա­րը։

Բ­ծախնդ­րու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւած «­Նե­մե­սիս»ի թարգ­մա­նու­թիւ­նը՝ ֆրան­սե­րէ­նէ յու­նա­րէ­նի, կա­տա­րած են ­Սար­գիս եւ ­Ռազ­միկ Ա­ղա­պա­տեան­ներ, իսկ թեք­նիք վե­րամ­շա­կու­մը՝ ­Մայք ­Չի­լին­կի­րեան:

azator.gr

Scroll Up