Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գիրքի շնորհանդէս Սպանիոյ ՄԷջ

Մատրիտի մէջ` Փետրուար 11-ին, տեղի ունեցած է «Արարատի յիշողութիւնը. ամենամոռցուած ցեղասպանութեան 100 տարին» գիրքի շնորհանդէսը:
NEWS.am-ի փոխանցմամբ` հեղինակը յայտնի գրող, լրագրող, շարք մը գիրքերու, յօդուածներու եւ հեռուստահաղորդումներու հեղինակ Չաւիէր Մորեթը: 2002-ին իր «Գաղտնի կղզի. Իսլանտա» աշխատութեան համար արժանացած է Մեծ ճանապարհորդներ գրական մրցանակին:
«Արարատի յիշողութիւնը. ամենամոռցուած ցեղասպանութեան 100 տարին» գիրքը բաղկացած է 270 էջէ: Գիրքը զուտ պատմական իրադարձութիւններու շարադրում չէ:
Ճանապարհորդական նշումներու ոճով գրուած պատմութեան մէջ հեղինակը ընթերցողին կը ներկայացնէ իր եւ իր լուսանկարիչ ընկերոջ ճանապարհորդութիւնը Հայաստան եւ Արցախ: Ընդգծելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին յիշողութիւններուն կարելի է հանդիպիլ գրեթէ ամէն հայ ընտանիքի մէջ, հեղինակը իր հիացմունքը յայտնած է առ այն, որ հայ ժողովուրդը, չնայած կրած անմարդկային տառապանքներուն, իր մէջ ուժ գտաւ վերածնունդ ապրելու, կերտելու անկախ պետականութիւն եւ պահպանելու իր հարուստ հոգեւոր ժառանգութիւնը ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ: Գիրքի վերջաբանին մէջ հեղինակը կը նշէ. «Այո, դժուար է գտնել աշխարհի մէջ մէկ այլ ազգ, որ այդքան ցրուած է, բայց այդչափ միահամուռ եւ արմատներուն կառչած: Ճիշդ կ’ըսեն, որ ուր ալ հայը գտնէ հայուն կը ստեղծէ նոր Հայաստան մը »,-կ’եզրափակէ հեղինակը: