Հայ օգնութեան միութեան կազմակերպութեամբ`Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներ

Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը ծրագրած են յուշատօնել Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը Նիւ Եորք/Նիւ Ճըրզի շրջանէն ներս, Մարտ 5-7, 2015 թուականին։ Հինգշաբթի, Մարտ 5-ին, երեկոյեան ժամը 6-8, Հ.Օ.Մ.-ը եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մնայուն ներկայացուցչութիւնը, միասնաբար պիտի ունենան հիւրասիրութիւն մը Մ.Ա.Կ.-էն ներս, Ասեղնագործել վերապրելու համար.- Հայ կիներու ձեռարուեստը խորագրով ցուցադրութեան պաշտօնական բացումին առիթով։ Ցուցադրութեան մուտքը ազատ պիտի ըլլայ հանրութեան՝ Մարտ 2-13: Իսկ, բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ներկայ ըլլալ պաշտօնական բացման, պարտին Մ.Ա.Կ.-ի շէնք մուտքի անցագիր մը ապահովել՝ դիմելով Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական գրասենեակին հետեւեալ հասցէով.- ceb@ars1910.org կամ Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային գրասենեակին՝ arseastus@gmail.com հասցէով, ամենաուշը մինջեւ Մարտ 3, 2015:

Ուրբաթ, Մարտ 6-ին, առաւօտեան ժամը 10-էն երեկոյեան ժամը 4։00, տեղի պիտի ունենայ Հ.Օ.Մ.-ի ծրագրած Վերականգնել ազգութիւն մը.- Հայ կիներու մէկ դարու դիմադրութիւնն ու հզօրացումը խորագրով միօրեայ գիտաժողովը Salvation Army-ի սրահին մէջ, մասնակցութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, ատենապետ Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խմբաւորման՝ դոկտ. Էլէնի Թէոխարուսի, Ֆրէզնոյէն՝ Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Հայոց եւ գաղթի պատմութեանց Աւագ դասախօս՝ փրոֆ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլի, Ռաթկըրզ համալսարանի Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան կեդրոնի Հայոց Ցեղասպանութեան յայտագրի համադրիչ՝ Խաչիկ Մուրատեանի, եւ Armenoid Productions-ի վարիչ տնօրէն՝ Պարէտ Մարոնեանի։ Մուտքը ազատ է, ներառեալ ճաշի սպասարկումը։ Մասնակցիլ փափաքողները պարտին արձանագրուիլ ե-նամակով, ուղեալ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. Գրասենեակին.- ceb@ars1910.org, կամ, Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային գրասենեակին՝ arseastus@gmail.com: Salvation Army Auditorium-ի հասցէն հետեւեալն է.- 221 East 52nd Street, New York City:

Վերջին ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 7, 2015-ի երեկոյեան 7։00-էն 10։00, Նիւ Ճըրզիի Waterside ճաշարանին մէջ (7800 River Road, North Bergen), բարձր հովանաւորութեամբ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի բարեխնամ առաջնորդ՝ Օշական արքեպիսկոպոս Չոլոյեանի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդր. Վարչութեան։ Այս մշակութային երեկոյեան ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան մրցանակաւոր երգիչ եւ երգահան՝ Յուշերը, հանրածանօթ արուեստագէտ՝ Գէորգ Մուրատ, ընկերակցութեամբ թաւ-ջութակահար՝ Էտի Պօղոսեանի, եւ ասմունքող՝ Զուարթ Պալըքճեանի կողմէ։ Մուտքի տոմսերու ($100) համար դիմել՝ www.brownpapertickets.com/event/1238955:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, ներառեալ պանդոկի սենեակի եւ այլ ձեռնարկներու ապահովման, կարելի է կապուիլ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական գրասենեակ՝  ceb@ars1910.org Հեռ: 1-617-926-5892։

Scroll Up