Նախագահը Գագիկ Ծառուկեանը Ազատած Է Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամի Պաշտօնէն

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Փետրուար 12-­ի հրամանագիրով «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ազատուած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամի պաշտօնէն:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, հրամանագրին մէջ նշուած է. «Ղեկավարուելով Հայաuտանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55­-րդ յօդուածի 6-­րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Իրաւական ակտերի մասին» Հայաuտանի Հանրապետութեան օրէնքի 70­-րդ յօդուածը` որոշւում է. Ուժը կորցրած ճանաչել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2008 թուականի Մայիսի 4-­ի «Ազգային անվտանգութեան խորհրդի կազմը հաստատելու մասին» ՆՀ ­107Ա հրամանագրի հաւելուածի 16-­րդ կէտը»:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 4 Մայիս 2008-­ի «Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի կազմը հաստատելու մասին» ՆՀ ­107­Ա հրամանագրի հաւելուածի 16-­րդ կէտը կը վերաբերի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահի անդամութեան:

Scroll Up