Թուրքիան Փախստականներու Աւան Կառուցած Է 20 Հազար Հայերու Կոտորածի Վայրին Մէջ

«Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումէն փախչելով թրքական Սուրուչ բնակավայր հասած Քոպանիի բնակիչներուն համար Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու վարչութիւնը փախստականներու ճամբար կառուցած է ճիշդ այն վայրին մէջ, ուր ժամանակին հազարաւոր հայեր կոտորուած են: Այս մասին կը գրէ armeniangenocide100.org-ը:
Թրքական T24 կայքի հաղորդմամբ, Սուրուչ բնակավայրին մէջ ապրող ազգութեամբ հայ Պոզան Տէմիրն ու Իպրահիմ Հալիլ Քայեան, ինչպէս նաեւ ազգութեամբ քիւրտ Հաքքի Ֆըրաթը կը պնդեն, որ Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան կողմէ Ուրֆայի ճանապարհին փախստականներու ճամբար մը ստեղծուած է ճիշդ այն վայրին մէջ, ուր 1895 թուականին Օսմանեան Ապտուլ Համիտ 2-րդի կազմակերպած ջարդերուն ժամանակ Էրզրումէն, Երզնկայէն, Մանազկերտէն, Սըւասէն, Մուշէն աքսորուած 20 հազար հայեր կոտորուած են:
Անոնք նշած են, որ ժամանակին այդ ճամբարին մէջ իրենց հազարաւոր ազգակիցներ սպաննուած են, իսկ ողջ մնացածները անցած են Քոպանի:
Իպրահիմ Հալիլ Քայեան նշած է, որ Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն հայերուն հանդէպ մեծ անարդարութիւններ տեղի ունեցած են: «Մեր ծնողները մեզի պատմած են, որ 1895թուականին հայերն իրենց տուներէն տեղահանուած են ու աքսորուած: Ճանապարհներուն սովէն, ծառաւէն, սպանդէն փրկուածները ցրուած են աշխարհով մէկ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս այժմ Քոպանիի կանայք ճարահատ են, այդպէս եղած են հայ կանայք: Այս տարածքը անոնց ոսկորներով լեցուն է»,- ըսած է ան:
Սուրուչի ճամբարը Թուրքիոյ մէջ սուրիացի փախստականներու ամենամեծ ճամբարն է: Այստեղ ապաստան գտած են մօտ 35 հազար մարդ: