Նալպանտեան Միւնիխի Մէջ Հանդիպած է Համանախագահներուն

Հինգշաբթի օրը աշխատանքային այցելութեամբ Միւնիխ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմս Ուորլիքի, Փիեռ Անտրիոյի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ` հանդիպումին շարունակուած են քննարկումները ատրպէյճանա – ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:

Արտաքին գործոց նախարարը միջնորդներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Հայաստանի հետ սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ հրադադարի խախտումներուն եւ խափանարարական գործողութիւններու բազմապատկման վրայ` շեշտելով, որ վերջին շաբաթներու ընթացքին ատրպէյճանական զինուժը հրադադարը խախտած է առաւել քան 3 հազար անգամ, ինչ որ յանգեցուցած է մարդկային զոհերու:

«Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կոպտօրէն արհամարհում է միջազգային հանրութեան հասցէական կոչերը եւ իր արկածախնդիր քաղաքականութեամբ եւ սադրիչ գործողութիւններով աւելի է սրում իրավիճակը, արգելակում խաղաղ կարգաւորման գործընթացըէ, – ընդգծած է Նալպանտեան:

Ան վերահաստատած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ եռանախագահ երկիրներու հետ ` ղարաբաղեան հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղուած համատեղ ջանքերը:

Scroll Up