Շարլ Ազնաւուր Մայիս 7-ին Համերգով Հանդէս Պիտի Գայ Մատրիտի Մէջ

Ֆրանսական երգարուեստի ամենախորհրդաւոր ձայներէն մէկը` Շարլ Ազնաւուր, Մայիս 7-ին համերգով հանդէս պիտի գայ Մատրիտի մէջ:

Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը` վկայակոչելով lavanguardia.com-ը: Համերգը կ’իրականացուի Մատրիտի Palacio de Deportes մարզահամալիրին մէջ, որ վերանուանուած է Barclaycard կեդրոն, ուր 90-ամեայ երգիչը պիտի կրկնէ իր անցեալ տարուան յաջողութիւնը, երբ  համերգով հանդէս եկաւ Պարսելոնայի «Կրան Լիսէու» օփերայի թատրոնին մէջ:

«1924-ին Փարիզի մէջ ծնած հայ երգիչը, որուն իրական անունը   Շահնուր Վաղինակի Ազնաւուրեան, աւելի քան  50 ալպոմ  թողարկած է իր ծաւալուն գործունէութեան ընթացքին, որոնք վաճառուած են 100 միլիոնաւոր օրինակով: Իր գործունէութեան ընթացքին  կատարողը նաեւ  երաժշտութիւններ  գրած է այլ հեղինակաւոր երգիչներու համար, ինչպէս օրինակ` Էտիթ Փիաֆի եւ Ճուլիէթ Կրեկոյի: Ազնաւուրը բեղուն  գործունէութիւն  ծաւալած է  նաեւ շարժանկարչութեան  ոլորտին մէջ այնպիսի ֆիլմերով, որոնցմէ է La tսte contre les murs-ը` անոր առաջին շարժանկարը  (1958), որուն համար արժանացած է «Սեզար» մրցանակի` իբրեւ լաւագոյն դերասան», – կը գրէ սպանական պարբերականը:

Ան հանդէս  եկած է նաեւ Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմին մէջ  (2002), որ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

 

Scroll Up