Հայոց Ցեղասպանութեան Ամբողջ Դաժանութիւնը Կրած Աւրորա Մարտիկանեանի Պատմութիւնը` Նոր Շարժանկարով (տեսանիւթ)

Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջ արհաւիրքը իր մաշկին վրայ զգացած Աւրորա Մարտիկանեանի (Արշալոյս Մարտիկեան) յուշերու հիման վրայ 1918 թուականին Հոլիուտի մէջ նկարահանուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող առաջին գեղարուեստական շարժանկարին մասին կը նկարահանուի փաստավաւերագրական շարժանկար: Նոր շարժանկարին հեղինակն ու արտադրողը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան­ հիմնարկն է: Ինչպէս՝ ըստ “Արմէնփրես”-­ի՝ կը յայտնեն Հայոց ցեղապանութեան թանգարան­ի հիմնարկէն, Փետրուար 5-­ին ներկայացուած է նկարահանուող շարժանկարի առաջին պաշտօնական ծանուցումը. շարժանկարը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ:

Արշալոյսը Մարտիկեաններու բազմադամ ընտանիքի երրորդ զաւակն էր: Անհոգ մանկութիւն, անխռով ընտանեկան կեանք, ջութակահար դառնալու մանկական երազանք…

Գործի դրուեցու հայերու բնաջնջման հրէշաւոր նախագիծը: 1915 թուական, Յունիս… Արշալոյսը 14 տարեկան էր: Բռնագաղթ, կոտորածներ, բռնի թրքացում…Արշալոյսը եւ մանկահասակ այլ աղջիկներ առեւանգուեցան գաղթի ճանապարհէն: Արշալոյսը յաջողեցաւ փախչիլ հարեմէն: Երկու տարուան ընթացքին ան անցաւ շուրջ 600 քմ., 85 սենթով վաճառուեցաւ Մալաթիոյ, Ուրֆայի եւ Մուշի ստրկավաճառներու շուկաներուն մէջ, անցաւ սարսափներով լի երկար ճանապահ եւ…ան յայտնուեցաւ ԱՄՆ, ուր հրատարակուեցաւ անոր յուշագրութիւնը` “Յօշոտուած Հայաստան”-ը, որուն հիման վրայ ալ նկարահանուեցաւ Հայոց ցեղապսանութեան մասին պատմող առաջին գեղարուեստական շարժանկարը, որուն գլխաւոր դերը նոյնինքն ան էր` Արշալոյս Մարտիկեանը` Աւրորա Մարտիկանեանը: Շարժանկարը բացառիկ յաջողութիւն ունեցաւ, 30 միլիոն տոլարի հասոյթ, որ տրամադրուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի 60 հազար հայ որբերու կենսապահովման համար:

Աւրորան դարձաւ հանրաճանաչ, սակայն ան աստղ դառնալու պատրաստ չէր: Արշալոյս­Աւրորայի պատմութիւնը եւ շարժանկարը փակի տակ դրուեցան ու մոռցուեցան, մոռցուեցաւ նաեւ Աւրորան: Ան մահացաւ մենութեան մէջ` մերժուած բոլորի կողմէ: Բայց ան պիտի յայտնուի նոր առաքելութեամբ ու նոր պատգամով:

Scroll Up