Դամասկոսի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Դոկտ. Փրոֆ.Արշակ Փոլատեանի «Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ, Հայոց Ցեղասօանութեան Ականատեսներ» Գիրքին Շնորհանդէսը
Երէկ, 3 Փետրուար 2015-ի, կէսօրէ ետք ժամը 1։00-ին, Դամասկոսի «Ասատ» գրադարանի դասախօսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ մէջ Դամասկոսի դեսպան դոկտ․ փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի արաբերէն գիրքի շնորահահանդէսը։ Հանդիսութիւնը կը վայելէր Սուրիոյ Մշակոյթի նախարարի հովանաւորութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ “Բերիոյ նիւզ”-ը:
Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով պետական ու կառավարական դիւանագէտներ, պատասխանատուներ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, աշիրաթապետեր, հոգեւոր առաջնորդներ, մտաւորականներ, լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ ու դամասկահայ ազգայիններ։
Շնորահահանդէսի ընթացքին արտասանուեցան խօսքեր, ձեռնարկի կազմակերպիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման Սուրիոյ մարմնի կողմէ։
Դեսպան Փոլատեանի «Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ» գիրքը ներկայացուց դոկտ․ Նորա Արիսեանը։ Դոկտ․ Արիսեան դրուատելով դոկտ. Փոլատեանի գիրքը, կարեւոր նկատեց սոյն իրագործումը իբրեւ կարեւոր ներդրում արաբ ընթերցողին ծանօթացնելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին։
Դոկտ. Փոլատեան եւ Սուրիոյ Մշակոյթի փոխ նախարարը նոյնպէս խօսք առին: Հուսկ` շնորհահանդէսի փակեց Դամասկոսի Առաջնորդ Տ․Արմաշ եպս․ Նալպանտեան։ Ձեռնարկի աւարտին մեծարգոյ դեսպանը սիրայօժար մակագրեց գիրքէն ու նուիրեց ներկաներուն։ Նշենք, թէ շնորհահանդէսը լրատուական դաշտին ուշադրութեան կեդրոն դարձաւ: