Լուռ Բողոք Նորթրիճի Համալսարանին Մէջ
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքին գտնուող համալսարաններուն մէջ ուսանողական բողոքի լուռ նստացոյցեր պիտի կատարուին յառաջիկայ ամիսներուն։ Անոնցմէ մէկը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Փետրուար 5ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ, կ.ե. ժամը 12:30էն 3, «Օվիաթ» գրադարանին դիմաց։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել (818) 632-2337 թիւին։