Քոլորատոյի Ծերակոյտը Մերժեց Ատրպէյճանամէտ Բանաձեւը
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոլորատօ նահանգի Ծերակոյտը Յունուար 29ին մերժած է քուէարկութեան դնել ատրպէյճանա-ամերիկեան համագործակցութեան ամրապնդման նպաստող SJR15-006 բանաձեւը, որուն վաւերացումը ապահովելու համար, Քոլորատօ կը գտնուէր ատրպէյճանցի դիւանագէտ մը։
Բանաձեւը առաջադրած էր ծերակուտական Լերի Քրաուտըրը, որ Ծերակոյտի բեմէն ողջունած էր ներկայութիւնը ատրպէյճանցի հիւպատոս Նասիմի Աղաեւի, որ, սակայն, պարտութեամբ վերադարձաւ Լոս Անճելըս։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ տեղւոյն Հայ Դատի գործիչները յատկանշական աշխատանք տարած էին՝ բանաձեւի ձախողութիւնը ապահովելու համար։
asbarez