«Թիւֆէնքեան» Մանկամսուրի Ի Նպաստ 170,000 Տոլար Գոյացաւ

Յունուար 23ին, «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ եւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ կայացած «Թիւֆէնքեան» մանկամսուրի 40ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին, վարժարանի գլխաւոր բարերարներ՝ տէր եւ տիկին Ռիչըրտ եւ Սաւի Թիւֆէնքեանները, 100,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը եւս կատարեցին։

Ներկաներէն գոյացաւ նաեւ յաւելեալ 70,000 տոլար գումար մը, որ վերոնշեալին հետ միասին, պիտի տրամադրուի վարժարանին կողքը գտնուող տարածքը գնելու նպատակին։

40ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին ցուցադրուած են աշակերտներուն ստեղծագործութիւնները եւ մեծարուած են վարժարանի ուսուցիչները։ Իր կարգին, տնօրէնուհի Արսինէ Աղաճանեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարժարանին նեցուկ կանգնողներուն։

Ձեռնարկին ներկայ եղած են քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան եւ Կլենտէյլի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան. ընթացքին ցուցադրուած է վարժարանի պատմութեան նուիրուած Արա Սիւտճեանի վաւերագրական ֆիլմը։

asbarez

Scroll Up