Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ վերընտրուած է Ֆ. Քալթընպախ

Հօ-տը-Սէնի ծերակուտական Ֆիլիփ Քալթընպախի գրասենեակէն ղրկուած Յունուար 29 թուակիր հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք, թէ ան վերընտրուած է Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը:
Քալթընպախ այս առթիւ կը յայտարարէ. “Նախ եւ առաջ հպարտ եմ վերընտրուելով՝ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խմբակցութեան որպէս նախագահ, պաշտօն մը զոր կը վարեմ արդէն երեք տարիէ ի վեր։ Ֆրանսա՝ Հայաստանի հաւատարիմ բարեկամն է եւ կ՚ուզեմ ա՛լ աւելի ամրապնդել երկու երկիրներու միջեւ արդէն գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնները”։
Խմբակցութեան փոխնախագահ ընտրուած են Վալ-տը-Մառնի ծերակուտականներ՝ Լիւք Գարվունաս (Ընկերվարական կուսակցութիւն) եւ Էսթէր Պէնպասա (Եւրոպա-Բնապահութիւն-Կա
Քալթընպախ կը հաւաստէ, թէ 2015ին Բարեկամութեան խմբակցութիւնը բնականաբար պիտի ունենայ շատ աշխոյժ գործունէութիւն: Այսպէս, կը կազմակերպուին՝
– Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումներ, ինչպէս նաեւ գիտաժողով մը՝ «Հայկական Սփիւռքը Ֆրանսայի մէջ՝ 1915ի ցեղասպանութենէն ետք» նիւթով,
– Հանդիպում մը՝ Հայաստանի դեսպանին հետ,
– Ժողով մը՝ Մինսքի խումբի ֆրանսացի նոր համանախագահին հետ,
– 2015ին, Հայաստանէն պատուիրակութեան մը ընդունելութիւնը (ըստ պատկան պատասխանատուներու համաձայնութեան):
Քալթընպախ կ՚աւելցնէ նաեւ որ շփումներ կը կատարեն Ֆրանսա-Թուրքիա եւ Ֆրանսա-Ազէրպայճան բարեկամական խմբակցութիւններուն հետ՝ կլոր սեղաններ կազմակերպելու ուղղութեամբ. “առաջինը՝ թուրք մտաւորականներու ներկայութեամբ, նպաստելու համար երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութեան եւ երկրորդը՝ հայաստանցի եւ ազէրպայճանցի խորհրդարանականներու մասնակցութեամբ, նպաստելու համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման”։