Մենք Պարտաւոր Չենք Ինչ-որ Մէկու Պատուերով Ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը. Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան դարձեալ մեղադրած է հայկական սփիւռքը “սադրանքներու դիմելու”, Թուրքիոյ հետ “առճակատում հրահրելու” եւ “բանակցութիւններէն փախուստ տալու” համար:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ News.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Star-ը, Էրտողան յայտարարած է, թէ միակ բանը, որ կ՛ընէ սփիւռքը, իրենց հետ “որեւէ կապ չունեցող երկիրներու մէջ որոշումներ կայացնել տալն է”:
“Եթէ հարցնէք` քարտէզի վրայ Հայաստանը ցոյց տալ չեն կրնար, սակայն այդ երկիրներու խորհրդարանները Հայաստանի վերաբերեալ որոշումներ կը կայացնեն”,- յայտարարած է Էրտողան:
Ան դարձեալ կրկնած է պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու Թուրքիոյ յայտնի առաջարկը:
“Մենք ինչ-որ մէկու պատուերով պարտաւոր չենք Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու: Կ՛ըսեմ` եթէ անկեղծ էք, եկէք ձգենք պատմաբաններուն փաստաթուղթերով թող աշխատին, զեկոյցներ ներկայացնեն մեզի, յետոյ մենք, որպէս քաղաքական գործիչներ, նստինք սեղանի շուրջ:
“ Եթէ մենք որեւէ յանցանք ունինք, եթէ վճարելու բան ունինք, մենք, որպէս Թուրքիա պետութիւն, կ’ընենք անհրաժեշտ քայլերը: Սակայն միակ բանը, որ կ՛ընեն հայերը` “Թուրքիան մեղաւոր է” ըսելն է”,- ըսած է ան:
Թուրքիոյ նախագահը դարձեալ պնդած է, թէ Թուրքիոյ արխիւները բաց են, իսկ հայկականները` փակ:
«մենք անկեղծ ենք, սակայն ասում ենք` բացէք ձեր արխիւները, մենք բացել ենք: Եթէ երրորդ երկրներ էլ կան, թող իրենք էլ բացէն արխիւները, միասին թող աշխատեն պատմաբաններն ու նրանց պատրաստած զեկոյցներին էլ բոլորս յարգանքով մօտենանքէ,- ասել է նա:
Յիշեցնենք, որ թուրք պատմաբանները մեղադրել են Թուրքիային արխիւները փակ պահելու համար: Մասնաւորապէս պատմաբան-պրոֆէսորներ Թաներ Աքչամն ու Այհան Աքթարն ընդգծել էին, որ արխիւային փաստաթղթերը չեն կարողանում ուսումնասիրել: