Նահատակ 13 Գրողներու Գործերուն Նուիրուած Ծաղկաքաղ Անգլերեն Լեզուով

Ցեղասպանութեան դարադարձին Հրանդ Մարգարեանին կողմէ եղած ծառայութիւնն է այս նոր ծաղկաքաղը նուիրուած Եղեռնին զոհ գացած 13 գրողներուն։ Անգլերէն թարգմանութեամբ ծանօթացուցած պիտի ըլլայ հեղինակը նահատակ գրողները ոչ միայն անգլիախօս նորահաս սերունդին, այլեւ` գիրքը տարածելով հանրային գրադարաններու, համալսարաններու թէ դպրոցներու գրադարաններէն ներս` ամերիկացի ընթերցասէր ու գրասէր հասարակութեան։ Մանաւա´նդ այս օրերուն երբ այնքան պիտի խօսուի հանրային լրատուամիջոցներէն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, մինչ, դժբախտաբար, չենք կրցած այս գրադարաններէն ներս պէտք եղած ծրագրումով ներկայացնել մեր գրական արժէքները անգլերէն լեզուով։
Գնահատելի լուրջ մտաւոր աշխատանք մը կատարած կ’ըլլայ այսպիսով Հրանդը հայ գրականութեան միջազգայնացմնան գործին համար։
Նահատակ գրողներէն ան վերցուցած է Հրանդը (Մելքոն Կիւրճեան), Թլկատինցին (Յովհաննէս Յարութիւնեան), Գրիգոր Զօհրապը, Սմբատ Բիւրատը (Տէր Ղազարեանց), Երուխանը (Երուանդ Սրմաքեշխանլեան), Արտաշէս Յարութիւնեանը, Ռուբէն Զարդարեանը, Ինտրան (Տիրան Չրաքեան), Սիամանթօն (Ատոմ Եարճանեան), Գեղամ Բարսեղեանը, Դանիէլ Վարուժանը (Չուպուքեան), Տիգրան Չէօկիւրեանը եւ Ռուբէն Սեւակը (Չիլինկիրեան)։ Բոլորը 1915ի նահատակներ բացի Ինտրայէն` 1921ի։
Գիրքը աւելի մատչելի դարձնելու համար սկիզբը ներկայացուցած է պատմական ակնարկ մը հայ ժողովուրդին ու անոր պատմութեան ու հայրենիքին` Հայաստանին մասին, ընդգրկելով` մեր ժողովուրդին լեզուին, գրականութեան, կրօնքին, մշակոյթի տարբեր մարզերուն եւ քաղաքական կեանքին կարգ մը երեսներուն մասին։ Հայեր Օսմանեան Թուրքիոյ բաժինով Հրանդ կ’անդրադառնայ հայոց ի նպաստ եղած դաշնագիրներուն եւ Համիտեան կոտորածներուն մասին։
Արագ ակնարկ մը տրուած է հայկական բանաստեղծութեան զարգացման սկսած հին դարերէն տալով որպէս նմոյշ դասական մեծ անուններու գործերէն քանի մը թարգմանական գործեր։ Այնուհետեւ, ծանրացած է 19րդ դարուն արեւելահայ դասական գրականութեան զարգացման մասին ու անոր գրական դպրոցներու երեւումին։
Քանի մը էջեր յատկացուցած է Ցեղասպանութեան ճանապարհին նահատակուած մեր գրողներուն տխուր պատմութեան։
Վերջապէս, տուած է իւրաքանչիւր գրողին լուսանկարը, հակիրճ կենսագրութիւնը, գրական հունձքը եւ իւրաքանչիւրէն քանի մը յատկանշական ստեղծագործութիւն` արձակ կամ չափածոյ։ Այս ամէնը 250 էջերու մէջ։
Յունուար 23, 2015, Եղեռնին նուիրուած առաջին միջոցառումն էր որ տեղի կ’ունենար Քուինզի Հայ Տան մէջ, Համազգային Միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ։ Հանդիսավարն էր մանկավարժ ու տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեան, իսկ բացման խօսքը կատարողը` Մեսրոպ քահանայ Լաքսեանը։
Բաւական ընդարձակ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ. բարեբախտաբար գրասէր ներկաները պատճառ չունեցան ձանձրոյթի պահեր ապրելու, ըսենք որ, ընդհանրապէս, խօսողներն ու գեղարուեստական յայտագրին մէջ բաժին վերցնողներ անգլերէնով կատարեցին իրենց բաժինը, հակառակ որ ներկաներուն 95 տոկոսը հայախօսներ էին։
Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, միակ հայերէնով արտայայտուողը, կրցաւ լաւագոյն գնահատականը տալ հեղինակին կատարած եզակի գործին։ Խօսք առին գիրքին խմբագրութիւնը կատարած Այրիս Չեքենեան եւ Հրանդի տասնամեակներու վրայ երկարող բարեկամը եւ գաղափարի ընկերը` Տոքթ. Ճորճ ՏէրՄխսեան։ Խօսք առաւ նաեւ հեղինակին հայ դպրոցի ուսանողներէն եւ այսօր Նիր Իսթ Հիմնարկին ատենապետը` Շանթ Մարտիրոսեան։ Նախապէս արձանագրուած տեսաերիզի վրայ խօսք առաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Հրանդ, բեմ հրաւիրուելով տուաւ այս գործին ծննդոցը եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց անոր առաջադրանքները։ Թարգմանական գրականութեան անհրաժեշտութիւնը աւելի շեշտելով նոր ժամանակներուն հանրութեան մատչելիութեան կարեւորութիւնը փոխանցեց ներկաներուն։
Յայտագրին գեղարուեստական բաժինը նուիրուած էր ընթերցումներու, որոնք այս գիրքին մէջ տեղ գրաւած նահատակ կարգ մը գրողներէն, այս պարզապէս տալու համար անգլերէնով գրական ճաշակը ժամանակաշրջանի մը` 19րդ դարու աւարտի տասնամեակին ու 20րդ դարու առաջին 15 տարիներու։ Երիտասարդ հայաշունչ տղաք` Վեհ Յառաջ Պզտիկեան, Նաթալի Կապրիէլեան, Այտա Զիլելեան եւ Երազ Մարգարեան սքանչելիօրէն մեկնաբանեցին հեղինակներուն գործերը։
Հրաւիրուեցաւ նաեւ խօսելու ՀՀ ՄԱԿի մօտ մնայուն հաւատարմատար եւ դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, որ այս առիթով կոչ ըրաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայոց իրաւունքներու պահանջատիրութեան իրաւունքով ու մնայուն աշխատանքով քալել դէպի յառաջ, դարադարձի այս օրերուն, ծանօթացնելով Ցեղասպանութեան եղելութիւնը օտար հանրութեան թէ միջազգային բեմերուն։
Հուսկ խօսք առաւ Աւետիս Հաճեան` յանուն Համազգայինի վարչութեան։ Հեղինակը իր գիրքերը մակագրեց եւ Զարմինէին կոչին ընդառաջ երթալով շատեր այդ գիրքերէն նուիրեցին շրջանի գրադարաններուն ի յիշատակ իրենց ծնողաց ու նահատակ հարազատներուն ու հայրենակիզներուն։
Հրանդ հոգնիլ չգիտցող իրա´ւ մտաւորականն է նիւ եորքայաութեան կեանքէն ներս։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ