Աշխարհը Պէտք Չէ Տարբերութիւն Դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Հոլոքոստի Միջեւ. Ռոպերթսըն

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ «Տողու Փէրինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով դատական լսումներուն ժամանակ հայկական պատուիրակութեան անդամներէն միջազգային մակարդակի իրաւապաշտպան Ճեֆրի Ռոպերթսըն նշած է, որ 1915 թուականին Օսմանեան կառավարութեան նպատակը, ինչպէս Պեռլինին ներկայացուցած էր այդ երկրին մէջ Գերմանիոյ դեսպան Վոլֆ Մետտերնիխը, «Հայկական հարցի վերացումն էր` հայ ժողովուրդի ոչնչացման միջոցով»:
Tert.am-ի փոխանցմամբ` «Հայերու, իսկ այնուհետեւ Գերմանիոյ մէջ հրեաներու հետ կատարուածն էր, որ հիմք տուաւ Ռաֆայէլ Լեմկինին ստեղծել «Ցեղասպանութիւն» բառեզրը` բնորոշելու համար մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններէն ամենածանրը: Յանցագործութիւն, որուն դէմ այսօր բոլոր պետութիւնները պարտաւոր են պայքարելու միջազգային իրաւունքի ուժով: Պարտաւորութիւն, որն, ըստ միջազգային Պայմանադրութեան 20-րդ յօդուածին, կը ներառէ խտրականութիւն, թշնամանք կամ բռնութիւն հրահրող ռասայական ատելութիւն քարոզելու արգելքը: Տուեալ պարագային այն է, թէ արդեօք զուիցերական օրէնքը, որով դատապարտուած էր Փէրինչէքը (Քրէական օրէնսգիրքի 261 յօդուածը), համատեղելի է Եւրոպական պայմանադրութեան 10-րդ յօդուածով երաշխաւորուող խօսքի ազատութեան հետ: Խնդիրն այն է, թէ արդեօք ատոր կիրառումը պետութիւններու հայեցողութեան սահմաններուն մէջ է, երբ որոշուի ռասիստական մտադրութեամբ եղած յայտարարութիւններուն նկատմամբ կանխարգելիչ միջոցներ կիրառելու հարցը»,- ըսած է Ռոպերթսոն:
Իրաւապաշտպանը շեշտած է, որ 10-րդ յօդուածը Պայմանադրութեան ուրոյն ձեւն է ըսելու «Ես Շարլի եմ» (Je Suis Charlie)` տեղեկութիւններ, քննադատութիւն եւ երգիծանք փոխանակելու թոյլտուութեան վոլթերեան, բայց ոչ վիրաւորական իմաստով:
«Այս յօդուածը յօգուտ խօսքի ազատութեան սահմանի մէջ պայմանադրութեան մէջ կանխավարկած է , որ կը պաշտպանէ առանց խոշտանգումներու եւ խտրականութեան ապրելու, «Ես հրեայ եմ», «Ես մահմետական եմ», կամ «Ես հայ եմ» ըսելու այլոց իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը, չվախնալով, որ կը քննադատուի կամ կը ստորացուի: Այդ պատճառով է, որ 10-րդ յօդուածն ունի դրոյթ, որ թոյլ կու տայ օրէնքով սահմանափակել խօսքը այն պարագային, երբ այն կրնայ, կամ մտադիր է պատճառել որոշակի վնաս. հրահրել բռնութիւն, ցեղային ատելութիւն կամ հանրային անկարգութիւններ»,- ըսած է Ռոպերթսոն:
Ան աւելցուցած է, որ իրաւաբանութեան դոկտոր եւ իր ետեւը քաղաքական կուսակցութիւն ունեցող խորամանկ ու կատաղի ռասիստի շուրթերէն հնչող ցեղասպանութեան ժխտումը կրնայ ունենալ կրկնակի ազդեցութիւն. ստիպել ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն, անոնց երեխաներուն ու թոռներուն զգալ այն անարժէքութիւնը, արհամարհանքն ու ստորացումը, որ եղած է սկզբնական եղեռնագործներու մտքին, ինչպէս նաեւ յառաջացնել ոճրագործներու նկատմամբ հիացմունք ու անոնց հետ մրցելու վտանգաւոր ցանկութիւն:
«Այս գործին մէջ զուիցերական դատարանները վճռեցին, որ Փէրինչէքի մտադրութիւնները ռասիստական էին, որ անոր թուրքերէն արտասանած խօսքերը նպատակ ունէին ոգեւորելու Թուրքիոյ մէջ իր աջակիցներուն, եւ ուղղուած էին ընդդէմ հայերուն, իբրեւ նախայարձակներ, ի պաշտպանութիւն իր հերոս Թալէաթ փաշայի` օսմանեան Հիթլերի: Մենք կ’ընդունենք, որ որոշ ողջամիտ մարդիկ կը մտածեն, որ այս գործին մէջ զուիցերական դատարանները չեն պահպանած ճիշդ հաւասարակշռութիւն (ինչպէս ներքոյ յիշեալ 7 դատաւորներէն 5-ը) եւ որ
Փէրինչէքի նման անձնաւորութեան տարօրինակութիւններն աւելի շատ ծիծաղելի են, քան վտանգաւոր: Ատիկա, ի հարկէ, չի նշանակեր, որ օրէնքն ինքնին կը հակասէ Պայմանադրութեան, ինչպէս նաեւ չի նշանակեր, որ ատոր կիրառումն այս գործին մէջ պէտք է յանգեցնէ անոր օգտին կայացուող որոշման:
Նման հետեւութիւն կարելի է ընել միայն այն պարագային, եթէ զուիցերական դատարաններու որոշումները ըլլային պետութիւններուն թոյլատրելի հայեցողութեան սահմաններէն դուրս, կապուած այն օրէնքներուն հետ որոնք կը հետապնդեն ռասայական խտրականութեան եւ բռնութեան դէմ պայքարի իրաւաչափ նպատակ»,- ըսած է Ռոպերթսոն` աւելցնելով, որ հայեցողութեան սահմանը պէտք է որոշուի անկախ անկէ, թէ արդեօք Փէրինչէքի արտայայտութիւնը հանրային կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, թէ ոչ:
«Փէրինչէքի սադրիչ առարկութիւնները որեւէ կարեւորութիւն չէին ներկայացներ: Ատոնք չունէին կշիռ, հնչելով մէկ մարդու կողմէ, որ կը յայտարարէր, որ որեւէ ապացոյց երբեւէ չի փոխեր իր կարծիքը, եւ հիմնուած չէր որեւէ փաստարկի վրայ. ատիկա գաղափարական տեսանկիւնէն անբովանդակ ինքնագովազդ էր, եւ ան չի կրնար յաւակնիլ աւելի մեծ արտօնութեան, քան որեւէ պոռնկագրութեամբ զբաղող անձ կամ խաբեբայ»,– ըսած է ան:
«Դատարանին կողմէ միամտութիւն էր պնդել, թէ անոր յայտարարութիւնները քաղաքական, պատմական կամ նոյնիսկ իրաւական արժէք ունէին, որովհետեւ եղած էին համաժողովի ժամանակ կամ թէժ բանավէճի մաս էին, որ որեւէ նշանակութիւն չունի, որովհետեւ, ըստ էութեան, բոլոր երեք պարագաներուն ալ որեւէ բանավէճ չկար եւ յայտարարութիւնները եղած էին Թուրքիոյ ներքին լսարանին համար: Անոր «Քաղաքական գործիչ» անուանելը անտեղի լրջութիւն հաղորդեց անոր խօսքերուն. Ան անուղղելի ցեղասպանութիւն ժխտող է եւ յանցագործ: Փաստը հաստատող հիմնական մարմինները` զուիցերական դատարանները, եզրակացուցին, որ անոր յայտարարութիւնները եղած էին ռասիստական նպատակով: Ուստի անոր` ռասիստական շարժառիթով եղած
յայտարարութիւններու հասարակական վտանգը գնահատելուս, զուիցերական դատարանները իրաւասու էին ունենալու հայեցողութեան լայն սահման»,– աւելցուցած է ան:
ՄԻԵԴ բարձրագոյն ամպիոնէն խօսելով Հայաստանի ծրագիրներուն մասին Ռոպերթսոն շեշտած է, որ Հայաստանի հիմնական նպատակն է հերքել վճիռին մէջ առկայ պնդումները, որոնք կասկածի տակ կը դնեն, որ 1915 թուականի ջարդերն ու տեղահանութիւնները ցեղասպանութիւն են:
«Ցեղասպանութեան վերաբերեալ չի կրնար ըլլալ համաձայնութիւն, քանի որ աշխարհի 190 երկիրներէն միայն 20-ն են այն պաշտօնապէս ճանչցած: Սա ակնյայտօրէն անյաջող փաստարկ է, քանի որ երկիրներու մեծ մասը երբեւէ չէ քննարկած այս հարցը: Իսկ այն պետութիւնները, որոնք ճանչցած են, ատիկա ըրած են լուրջ պատմական եւ իրաւական քննարկումներէ յետոյ: Այդ երկիրներու մէջ են եւրոպական գրեթէ բոլոր յառաջատար պետութիւնները, ԱՄՆ 50 նահանգներէն 43-ը: Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Թագաւորութեան, ապա Սքոթլանտը, Ուելսը եւ Հիւսիսային Իռլանտան ճանչցած են ցեղասպանութիւնը, հետեւաբար դատարանին թրքական կառավարութիւնը ապատեղեկատուութիւն տրամադրած է բրիտանական կառավարութեան դիրքորոշման վերաբերեալ»,– ըսած է ան:
Ռոպերթսոն նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ աճող համաձայնութեան եւ միջազգային քրէական դատարանի որոշումներու պատճառով Միացեալ թագաւորութիւնը քանի մը տարի առաջ հրաժարած է «Ցեղասպանութեան անորոշութեան» վերաբերեալ դիրքորոշումէն, ինչպէս ատիկա կ’ապացուցուի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական փաստաթուղթով:
«Կը թուի` 117-րդ պարբերութիւնը կ’ակնարկէ, թէ 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ երբեւէ չեն կրնար վերջնական եզրակացութիւն կամ առարկայական ու բացարձակ ճշմարտութիւն: Եթէ այդ պարբերութեան իմաստը հէնց ատիկա է, ապա սա վնասակար անհեթեթութիւն է եւ ծանր վիրաւորանք իւրաքանչիւր հայու նկատմամբ, որուն հարազատները սովամահ եղած են ու սպաննուած իրենց ազգային պատկանելիութեան եւ կրօնի համար:
Դատարան մը, որ հիմնուած է մարդու իրաւունքներու նկատմամբ հաւատքի վրայ եւ, հետեւաբար, նաեւ այն հաւատքի, որ ոճրագործութիւններու հեղինակները կրնան դատապարտուիլ մեղքը ողջամիտ կասկածէն վեր հիմնաւորող ապացոյցներու հիման վրայ, ինչպէս կրնան կարծել, թէ կոտորածներն ու մահուան քայլերթերը
էութեամբ վիճելի են եւ հակասական»,– ըսած է Ռոպերթսոն եւ վիրաւորական ու սխալ քայլ որակած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման եւ Հոլոքոստի ժխտման միջեւ տարբերակումներ մտցնելը:
«Հոլոքոստի պարագային առկայ են «Կազախցերու գոյութեան» հաստատ ապացոյցներ: Բայց այստեղ եւս առկայ են մահուան քայլերթերու ու կոտորածներու հաստատ ապացոյցներ, ինչպէս մանրամասն կը ներկայացնէ Ամալ Քլունին: Դատարանը այնուհետ կը պնդէ, որ Նիւրնպերկի միջազգային ռազմական դատարանը դատապարտած էր նացիստներուն եւ, որ նման որեւէ դատարան երիտթուրքերուն չէ դատապարտած:
Ի հարկէ, դատապարտած է` Թուրքիոյ ռազմական դատարանը 1919 թուականին, կիրառելով միջազգային ռազմական իրաւունքը դատապարտած էր Թալէաթ փաշային եւ անոր հրոսակը: Բայց այստեղ Դատարանը ակնյայտօրէն կ’ըսէ, որ չես կրնար ոճրագործութիւնը անուանել «Ցեղասպանութիւն» քանի դեռ ատոր վերաբերեալ չկայ միջազգային դատարանի վճիռ, բան մը, որ անհեթեթ է: Նոյնիսկ Հոլոքոստը չէր կրնար որակուիլ ցեղասպանութիւն ըստ այս չափանիշի, քանի որ Նիւրնպերկի 1946 թուականի վճիռն այս յանցագործութեան մասին որեւէ նշում չի պարունակեր. Այն ստեղծուեցաւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ 1948 թուականի պայմանադրութեամբ»,– ըսած է ան:
«Ասոնք ակնյայտ սխալներ են, եւ մենք Մեծ պալատին կոչ կ’ընենք չկրկնել ատոնք: Ատոնք առաջ կը մղեն այն գաղափարը, որ Հոլոքոստը միակ «Իրական» ցեղասպանութիւնն է, իսկ մնացած բոլորը յաւէտ մղուած են տեսութեան ու բանավէճի տիրոյթ: Ի հարկէ, Հոլոքոստը մարդկութեան դէմ ամենածանր յանցագործութեան սարսափելի օրինակ է, սակայն սխալ է ներել կամ նուազեցնել ռասայական կամ կրօնական հողի վրայ իրականացուած այլ զանգուածային կոտորածներ, որովհետեւ ատոնք աւելի քիչ զոհեր կամ սպանութեան այլ մեթոտներ ունեցած են:
Հայերու, հրեաներու, պոսնիացիներու կամ Ռուանտայի թութսիներու համար կարեւորն իրենց մահուան եղանակը չէ, կամ այն, թէ արդեօք իրագործողները դատապարտուած են միջազգային դատարաններու կողմէն, թէ ոչ, այլ այն, որ անոնց համարած են ապրելու ոչ արժանի որովհետեւ անոնք հրեաներ, հայեր կամ թութսիներ էին»,– ըսած է Ռոպերթսոնը` եզրափակելով իր ելոյթը հետեւեալ կերպ. «Փորձելով արտօնութիւն տալ Հոլոքոստին իբրեւ միակ ցեղասպանութիւն, այս վճիռի տրամաբանութիւնը կը վտանգէ ցեղասպանութեան կանխարգելման կենսական պատճառը եւ պէտք չէ երբեւէ շտկուի»:
ՄԻԵԴ Մեծ պալատին մէջ թուրք ազգայնական գործիչ Տողու Փէրինչէքի գործով լսումները կայացած են Յունուար 28-ին: Դատարանը գործի առնչութեամբ որոշում պիտի կայացնէ 6-8 ամսուան ընթացքին: