Կարս-Ախալքալաք Երկաթգիծը Փորձարկած Են Փորձնական Շոգեկառքով

Երէկ Յունուար 28-ին փորձարկած են Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթգիծի Ախալքալաք-Կարս հատուածը: Երկաթգիծի վրայով անցած է առաջին փորձնական շոգեկառքը: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.Net-ը:
Փորձնական շոգեկառքը անցնելուն պէս Վրաստանի տնտեսութեան նախարար Գիորգի Կուիրիկաշուիլին յայտարարած է, որ մինչեւ այս տարուան վերջը երկաթգիծին վրայ բոլոր աշխատանքները կ’աւարտեն: Անոր խօսքերով արդէն փաստացի աւարտած են 180կմ. երկաթգիծի շինարարութեան աշխատանքները:
Երկաթգիծի փորձարկման արարողութեան ներկայ եղած էր նաեւ Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարար` Զիա Մամետովը: Անոր խօսքերով ինք շատ ուրախ է, որ շոգեկառքի փորձարկման կը գտնուի Վրաստանի այս շատ գեղեցիկ վայրին մէջ փաստացի Թուրքիոյ հետ սահմանին:
Երկու երկիրներու նախարարները նշեցին Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթգիծի կարեւորութիւնը: