Միջազգային մրցանակ՝ յունահայ երիտասարդուհիին
Փիրէայի «Զանիօ» լիկիոնի աշակերտներու խումբը, մաս կազմելով Zero Robotics 2014 միջազգային մրցումին, գրաւեց երկրորդ դիրքը, համագործակցելով երկու ամերիկեան աշակերտական խումբերու հետ:
Յոյն աշակերտներու խումբին մաս կը կազմէ հայազգի երիտասարդուհի Ֆետրա Գալայճեանը, որ Գոքինիոյ մեր հայրենակիցներէն Սիմոն Գալայճեանի դուստրն է եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմնոյ ժրաջան ատենապետուհի Այտա Գալայճեանի թոռը:
Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպայի երկիրներէ միջնակարգ դպրոցներու աշակերտներ: Անոնց կատարած աշխատանքը կը կայանար տիեզերական կայանի մը փոքրիկ արբանեակներու վերահսկողութեան մէջ, «վիրթուալ» աստղի մը լաւագոյն լուսանկարները ապահովելու համար:
Ռոպոթային համակարգի շուրջ խաղ մըն էր փաստօրէն, որու մասնակցեցաւ յունական խումբը: Անոնք ալկորիթմներու միջոցաւ վերահսկեցին ռոպոթներու վրայ:
Եզրափակիչ փուլը կայացաւ Հոլանտայի մէջ Եւրոպական տիեզերական գործակալութեան տեքնիքական կեդրոնէն ներս, ուր հանդիպեցան եւրոպացի եւ ռուս աշակերտները:
Առաջին մրցանակը գրաւեց Իտալիոյ աշակերտներու խումբը եւ երկրորդ հանդիսացաւ Յունաստանէն «Զանիօ stardust» խումբը, ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէր Ֆետրա Գալայճեանը:
Շնորհաւորութիւններ հայազգի երիտասարդուհիի կարեւոր ձեռքբերումին համար:
«Ազատ օր»