Էդուարդ Նալպանտեան. Հայաստանը Կը Գնահատէ Իրանի Հաւասարակշռուած Դիրքորոշումը Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրի Հարցով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/01/g_image3.jpg)
Յունուար 27-ին Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպում ունեցաւ երկօրեայ այցով Հայաստանի մէջ գտնուող Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամատ Ճաւատ Զարիֆին հետ: Այս մասին կը հաղորդեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալպանտեան նշեց. «Մենք բարձր ենք գնահատում Հայաստանի եւ Իրանի փոխշահաւէտ ու բազմաբովանդակ յարաբերութիւնները: Իւրաքանչիւր նման հանդիպում նպաստում է փոխգործակցութեան առաւել զարգացմանը եւ անմրապնդմանը»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Իրանի ԱԳ նախարար Զարիֆ իր հերթին նշեց, որ Իրանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ ամենատարբեր ոլորտներու մէջ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման: Իրանի ԱԳ նախարարը կարեւոր համարեց իրանահայ համայնքի դերակատարումը ինչպէս երկրի
զարգացման գործին մէջ, այնպէս ալ` հայ-իրանական փոխգործակցութեան խորացման համար:
Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմ օրակարգի բազմաթիւ հարցեր` վերահաստատելով երկուստեք պատրաստակամութիւնը` զարգացնելու մեր ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը: Նախարարները համակարծիք էին, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները քրիստոնեայ եւ մահմետական երկիրներու համագործակցութեան տեսանկիւնէն օրինակելի կարելի է համարել:
Նախարարներ Նալպանտեան եւ Զարիֆ քննարկեցին երկու երկիրներու նախագահներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքները:
Բանակցութիւններու օրակարգին մէջ էին առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան ընդլայնման հարցերը: Այս ծիրէն ներս անդրադարձ եղաւ համատեղ փոխադրամիջոցներու եւ ուժանիւթի հետ կապուած նախագիծերուն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային շարք մը հրատապ խնդիրներ: Նախարար Նալպանտեան շեշտեց, որ Հայաստան մշտապէս կողմ է տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ու ամրապնդման:
Նախարար Նալպանտեան գոհունակութիւն յայտնեց` Իրանի միջուկային ծրագիրի շուրջ բանակցային գործընթացին մէջ դրական միտումներուն վերաբերեալ, եւ յոյս յայտնեց, որ խնդրի շուրջ արդէն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները ճանապարհ կը հարթեն հարցի համապարփակ կարգաւորման համար:
Նախարար Նալպանտեան ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանը ուղղուած` Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու համատեղ ջանքերը: Էդուարդ Նալպանտեան նշեց, որ Հայաստանը կը գնահատէ Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը` ղարաբաղեան հիմնախնդիրի հարցով:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ երկու ԱԳ նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիս: