Յունուար 27-ը Հոլոքոստի Զոհերու Յիշատակի Միջազգային Օրն Է

Յունուար 27-ին կը նշուի Հոլոքոստի զոհերու յիշատակի միջազգային օրը (International Holocaust Remembrance Day):

Օրը հիմնուած է 2005 թուականի Նոյեմբեր 1-ին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի թիւ 60/7 բանաձեւով:

Ըստ Calend-ի, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին մէջ յատուկ նիստ  մեկնարկած է` նուիրուած 1945 թուականի Յունուար 27-ին խորհրդային զօրքերու կողմէ Օսվենցիմի նացիստական համակեդրոնացման ճամբարի գերիներու ազատագրման 60-րդ տարեդարձին: Նիստը մեկնարկած է մէկ վայրկեան լռութեամբ:

Օսվենցիմի գոյութեան ընթացքին, տարբեր գնահատականներով, ճամբարին մէջ 1.5-է մինչեւ 2.2 մլն մարդ զոհուած է:

 

Scroll Up