Օտարները Հայերու Մասին. Հաննա Մինա

Հաննա Մինա Սուրիոյ մէջ կը համարուի արաբական վէպի վարպետը, արաբ գրողներու շարքին յայտնի անուն է, որ կը յաջորդէ եգիպտացի ճանչցուած գրող Նէճիպ Մահֆուզին, Մինան իր գրականութեան մէջ շատ անդրադարձած է ծովուն, որմէ զուրկ եղած է հին արաբական գրականութիւնը. ան ծովու մասին ունի 8 գիրք, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը «Առագաստն ու փոթորիկը» վէպն է:
Հաննա Մինա ծնած է Լաթաքիա, 1924թ.ին, աղքատ, թշուառ ընտանիքի զաւակ է, կեանքը սկիզբէն դժուար եղած է, վտանգի ճանապարհ, քաղաքական պայքար, բանտարկութիւն, աքսոր:
Աւելի ուշ ընտանիքը տեղափոխուած են Իսքենտերոն քաղաքը, ուր նպաստ կը ստանան եկեղեցիէն:
1938թ. տեղի կ’ունենայ դաւադրութիւն Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, Իսքենտերոնը յանձնելու Թուրքիային եւ թրքական բանակը կը գրաւէ Իսքենտերոնը, այդ ժամանակ Սեպտեմբեր 1939թ.ին, ան կը փախչի Լաթաքիա Քեսապի ճանապարհով, այդ ամբողջ ընթացքին մօտ շփում կ’ունենայ հայերու հետ, հետագային կը գրէ «Կեռասէ բերան» վէպը:
«Կեռասէ բերան» (Էլ Ֆեմ Էլ Քէրէզի) վէպի պատմութիւնը տեղի կ’ունենայ Քեսապի մէջ, Ֆրանսայի դէմ պայքարին արաբներն ու հայերը կողք կողքի կը կռուին յանուն արդարութեան եւ ազատութեան: Վէպին մէջ Մինան, մանրամասն կը նկարագրէ Քեսապի գեղեցիկ բնութիւնը, ծովը, լեռներն ու անտառները: Վէպի գլխաւոր հերոսը Ճուատը, Լաթաքիայէն կու գայ մասնակցելու Քեսապի ազատագրական պայքարին: Վէպին մէջ կը նշէ, որ հայ ժողովուրդը անբաժան մասնիկն են Սուրիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդին, արաբներու հետ պայքարած են ազգային-ազատագրական շարժման, ի վերջոյ Ճուատ կը մեկնի Լաթաքիա, քանի որ իր սիրած աղջիկը, վէպի հերոսուհին Երանիկը` Քեսապէն հայուհի մը, ընտանիքին հետ կը նախընտրէ վերադառնալ Հայաստան: